
Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մարզիչներու ՓՐՕ արտօնագիրին դասընթացքին մասնակցողները կը գտնուին Տորթմունտի մէջ (Գերմանիա):
Հայկական պատուիրակութիւնը Տորթմունտի մէջ ներկայ եղաւ Պորուսիա Տորթմունտ ակումբին 17 տարեկանէն վար խումբին կատարած բարեկամական մրցումին, որմէ ետք հայրենի մարզիչները հանդիպեցան գլխաւոր մարզիչ Թոմաս Թուխելի հետ:
Անոնք մարզիչին հետ արծարծեցին ֆութպոլի վերաբերեալ բազմաթիւ հարցեր` ֆութպոլիստներուն հետ տարուող աշխատանքին առնչութեամբ, եւ քննարկեցին թեքնիք այլ հարցեր:
Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, հայկական պատուիրակութիւնը Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մարզաշապիկը նուիրեց Թուխելի:


