Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դուշման Վարդանի Վերանորոգուած Տուն-Թանգարանի Բացում

March 10, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սարգսեան. «Դուշման Վարդանը
Իր Կարգապահութեամբ Ու Խիզախութեամբ
Օրինակ Էր Իր Զինակից Ընկերներուն Համար»

vartan_030916

Այցելուներուն առջեւ 9 մարտին իր դռները բացաւ արցախեան ազատամարտի հերոս Վարդան Ստեփանեանի (Դուշման Վարդան) վերանորոգուած տուն-թանգարանը, որուն բացման արարողութեան մասնակցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որ հերոսին մօր, քրոջ եւ եղբօր ընկերակցութեամբ շրջագայած է թանգարանին մէջ, ծանօթացած ցուցադրուած անձնական իրերուն, այն գիրքերուն, զորս կը սիրէր կարդալ, նկարներուն եւ ձեռագործ աշխատանքներուն: Հոն կան նաեւ Դուշման Վարդանի ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան սենեակը, գրադարանը, այն սենեակները, ուր իր կեանքի 26 տարիները անցուցած է ազատամարտիկը:

Նախագահը նաեւ Դուշման Վարդանի տուն-թանգարանի յուշամատեանին մէջ գրած է հետեւեալը: «Վարդան Ստեփանեանը գիտակից ու հեռատես մտաւորականի, հայրենիքի պաշտպանութեան  նուիրուած կամաւորականի իսկական օրինակ է: Իր կարգապահութեամբ ու խիզախութեամբ ան օրինակ էր իր զինակից ընկերներուն համար: Անոր անցած մարտական ուղին փառաւոր է, ինչպէս ուղին մեր ամբողջ բանակին, որուն կազմաւորման ակունքներուն մէջ նաեւ Դուշման Վարդանն էր ու իր նմանները: Անոր  յիշատակը յաւերժացնելու կոչուած տուն-թանգարանը, համոզուած եմ, որ պիտի ծառայէ շնորհակալ գործի, որպէսզի Վարդան Ստեփանեանի օրինակը դառնայ վարակիչ եւ ուսանելի գալիք սերունդներուն համար»:

Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Դուշման Վարդանի մայրը` Զարուհի Շամեան յայտնած է, որ տուն-թանգարանը արդէն կը գործէ 24 տարիէ ի վեր, սակայն շէնքը հին էր ու վերանորոգման կարիք կար:

 

 

Նախորդը

Դաւիթ Բաբայեան. «Եթէ Պատերազմ Ըլլայ, Ատիկա Պիտի Չսահմանափակուի Արցախ – Հայաստան – Ազրպէյճան Տարածքով»

Յաջորդը

Ակնարկ. Գաղթականական Խաղաթուղթին Վերջին Օգտագործումները

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին

November 27, 2026
Հայկական Երկաթուղիի  Ռուսական Կառավարումը  Պիտի Ազդէ ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծին Վրայ
Հայկական

Հայկական Երկաթուղիի Ռուսական Կառավարումը Պիտի Ազդէ ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծին Վրայ

November 27, 2026
Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը  Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ

November 26, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։