
«Նիուզ» կայքին համաձայն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Շախտիոր Քարաքանտայի յետսապահ Ռոպերթ Արզումանեան, որոշեց աւարտել իր ելոյթները Հայաստանի հաւաքականին հետ:
«Բաւական մտածելէ ետք որոշեցի վերջ մը դնել Հայաստանի կազմին հետ միջազգային ասպարէզիս: Թէեւ չէի ուզեր այս նիւթին մասին խօսիլ, բայց նկատի ունենալով խմբակիցներուս հասցէին ուղղուած անհիմն մեղադրանքները, որոշեցի հաւաքականին հետ ելոյթներս աւարտել:
«Մեծ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, անխտիր բոլոր համակիրներուն, 11 տարիներու ընթացքին 74 մրցում կատարելով, մի՛շտ իմ կողքիս զգացած եմ հաւաքականին համակիրները», ըսաւ 30 տարեկան Արզումանեան, որ 2005-էն ի վեր մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին:


