Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հաշուետուութեան Պիտի Կանչենք» Արշաւը Բողոքի Նստացոյց Կը Կատարէ Վարչապետարանին Դիմաց

March 7, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

badna_030616

«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւը շաբաթավերջին բողոքի նստացոյց մը կատարեց վարչապետարանին դիմաց: Ցոյցին ընթացքին արշաւի անդամները հաստատեցին, որ «Շինոք» ընկերութեան թղթածրարը, որ մեծ գայթակղութիւն կը նկատուի, չի կրնար անպատիժ մնալ:

«Մենք պիտի չարտօնենք նաեւ, որ Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդը, որ ծանօթ է իբրեւ թերացումի եւ մսխումի խորհուրդ, աղբերու տագնապին հարցով ոչ մէկ թղթածրարի պատասխանատուութիւն ստանձնէ, ընդգծեցին արշաւին անդամները:

«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւը հաստատեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ փտածութեան իշխանութիւնը գոյատեւէ:

Արշաւին անդամները շեշտեցին, որ Պետական հետաքննիչ մարմինին կողմէ նիստեր չգումարելու արարքը փտածութեան թղթածրարները փակ պահելու միտումով, ինչպէս նաեւ աղբի տագնապը լուծելու պատրուակով յաւելեալ գումարներ իւրացնելու նպատակով կատարուած է:

Միւս կողմէ, Պետական հետաքննիչ մարմինի նախագահ Ժորժ Օուատ շեշտեց, որ աղբի տագնապին լուծումը Պետական հետաքննիչ մարմինին պատասխանատուութիւնը չէ, այլ կառավարութեան:

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Օուատ յայտնեց, որ «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւին անդամները կեդրոնին դռները կոտրելով ներս մուտք գործած են` աւելցնելով, որ ինք վարչապետ Թամմամ Սալամէն պահանջած է զինք իր պաշտօնէն հեռացնել` հաստատելով, որ Պետական հետաքննիչ մարմինը անկախ եւ անկողմնակալ գործունէութիւն ունի:

Նշենք նաեւ, որ Քաղաքացիական ընկերութեան հիմնական թեւերէն «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը շաբաթ, 12 մարտ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին պիտի կատարէ բողոքի ցոյց-քայլարշաւ մը, որ պիտի սկսի Էշրեֆիէի Սեսին հրապարակէն մինչեւ Ռիատ Սոլհ հրապարակ:

«Հոտերնիդ ելաւ»-ի պատասխանատուները հաստատած էին, որ այդ քայլարշաւէն ետք իրենք կառավարութիւնը եւ խորհրդարանը պիտի նկատեն երկիրը բռնագրաւած իշխանութիւն:

 

 

Նախորդը

Սաատ Հարիրի Մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա

Յաջորդը

Մոհամետ Մաշնուք Վարչապետ Սալամը Ներկայացուց Իսլամական Պետութիւններու Ե. Արտակարգ Վեհաժողովին

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.