
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Հայաստանի կառավարութեան նիստին բացումը կատարելով, նախ եւ առաջ շնորհաւորեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին արձանագրած փայլուն յաղթանակը` Սլովաքիոյ դէմ տեղի ունեցած Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին գծով:
«Կառավարութեան կողմէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեր խումբին, մեր համակիրներուն, ինչպէս նաեւ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահին: Բաւական զգալի է, որ վերջին քանի մը տարիներուն հայկական ֆութպոլը իր վերելքին մէջ է, որուն շնորհիւ անիկա յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ», ըսաւ վարչապետ Սարգսեան:


