Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հալէպի Մէջ Սննդամթերքի Սղութիւն Չկայ, Վիճակը Հանդարտ Է» Կ՛ըսէ Ժիրայր Ռէյիսեան

March 4, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

haleb_Reyissian_030316

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի մամլոյ բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է, որ հաստատուած զինադադարէն ետք Հալէպի մէջ երբեմն-երբեմն կրակոցներու ձայներ կը լսուին, սակայն, ընդհանուր առմամբ, քաղաքը հանդարտ է:

«Հալէպը սովորական աշխատանքային վիճակի մէջ է: Առայժմ, կենցաղային դժուարութիւններ կան: Կան ելեկտրականութեան եւ ջուրի առնչուած հարցեր, որոնք տակաւին չեն լուծուած: Ինչպէս գիտէք, ամիսներէ ի վեր Հալէպի մէջ ելեկտրականութիւն չկայ, սակայն ժողովուրդը այլ լուծումներ գտած է: Կան անձեր, որոնք հսկայ ելեկտրական շարժակներէ ելեկտրականութիւն կը վաճառեն բնակիչներուն, անշուշտ շատ սուղ գիներով: Նոյնն է պարագան ջուրին: Կան հաստատութիւններ, կազմակերպութիւններ, որոնք պետական արտօնութեամբ հորեր կը փորեն եւ հոնկէ դուրս բերուած ջուրը բնակիչներուն կը ծախեն: Երբեմն 80 կամ 100 մեթր խորութեամբ հորերէն ջուր կը հանուի: Ատիկա հիմնականին մէջ կ՛օգտագործուի կենցաղային կարիքները հոգալու համար, իսկ խմելու ջուրը կը գնուի առանձին եւ բաւական սուղ կ՛արժէ: Այժմ Հալէպի մէջ կը տեսնէք բազմաթիւ անձեր, որոնք դոյլերով, տակառներով ջուր կը կրեն, ատիկա մեզի համար սովորական երեւոյթ է», յայտնած է Ժիրայր Ռէյիսեան:

Ըստ անոր, նախորդ օրերուն Հալէպի մուտքի միակ ուղին ենթարկուած էր յարձակումներու եւ միայն վերջին երկու օրն է, որ կարելի եղած է որոշ չափով երթեւեկել: Ան դիտել տուած է, որ Հալէպի միակ մուտքի ճամբան բացուած է, բայց անիկա ռմբակոծումներուն պատճառով աւելի վատ վիճակի մէջ է:

«Հալէպի շրջափակման ժամանակ շուկան որոշ չափով խեղճացաւ, բայց սննդամթերքի սղութիւն չկայ: Կար որոշ գիներու բարձրացում, բայց անհրաժեշտ սննդամթերք կար: Քանի որ ճամբան բացուած է, հետեւաբար այսօր կ՛ակնկալենք, որ վառելանիւթ մտնէ Հալէպ: Ընդհանուր առմամբ, ժողովուրդը սննդամթերքէ չէ զրկուած, հացի խնդիր չկայ, փուռերը կ՛աշխատին, հիմնականին մէջ կան կենցաղային դժուարութիւններ: Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` մարդիկ բոլոր պարագաներուն ալ լուծումներ կը գտնեն: Կեանքը կը շարունակուի, ամէն տան մէջ ճրագը վառած է, կը կնքուին ամուսնութիւններ, կ՛արձանագրուին երեխաներու ծնունդներ, կ՛ըլլան մկրտութիւններ», աւելցուցած է Ժիրայր Ռէյիսեան: Անոր համաձայն, առողջապահութեան նախարարութեան ծրագիրով երեխաները կը պատուաստուին:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան Ներկայացուց «Հայ Աշուղական Արուեստը» Նիւթով Դասախօսութիւնը

Յաջորդը

Նշմար. Եգէականի Մէջ ՕԹԱՆ-ի Ծրագիրն Ու Թուրքիան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.