Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեծ Պահքը` Աստուծոյ Դառնալու Հրաւէր Է» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

March 4, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

mitchink_030316

Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Միջինքի առիթով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը` հրաւէրովը Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ սրբազանին եւ Ազգային իշխանութեան, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Արեւագալի արարողութեան: Միաբան հայրերու կողքին արարողութեան իրենց երգեցողութեամբ մասնակցութիւն բերին դպրեվանքի սաները:

Արարողութեան ընթացքին, ներկայ հաւատացեալներուն իր պատգամը ուղղելով վեհափառ հայրապետը նախ նշեց, թէ հայ եկեղեցւոյ ծիսական աւանդութեան համաձայն, Արեւագալի ընթացքին կ’արտասանուի «հրաժարիմք»-ը` դէպի արեւմուտք դառնալով, եւ ապա անոր կը յաջորդէ հաւատոյ խոստովանութեան ընթերցումը: Անդրադառնալով «հրաժարիմք»-ի իմաստին` վեհափառ հայրապետը շեշտեց հետեւեալ երեք կէտերը.

«ա) Հրաժարիլ աշխարհի չարերէն, չարիքներէն ու մեղքերէն: Դարեր առաջ մեր հայրերուն կողմէ բանաձեւուած այս աղօթքը եթէ այսօր գրուէր, ներկայ աշխարհի չարերուն ու մեղքերուն թիւը եւ տեսակը բազմապատկուած պիտի ներկայացուէր…: Արդարեւ, պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ աշխարհը որքան կը յառաջդիմէ ու կը զարգանայ, դրական իրագործումներուն առընթեր, դժբախտաբար մարդկային կեանքը կը լեցուի բազմատեսակ եւ բազմագոյն չարերով ու մեղքերով: Մարդը ի՛նքն է պատճառը չարին ներկայութեան: Աստուած չարը չստեղծեց. բարին ու չարը չեն կրնար գոյակցիլ. չարը բարիին բացակայութիւնն է: Հետեւաբար, այնքան ատեն որ բարին ներկայ կ՛ըլլայ մարդկային կեանքին մէջ, չարը չի կրնար մօտենալ:

բ) Հրաժարիլ աշխարհակեդրոն կեանքէն. աշխարհը մարդու վախճանական վայրը չէ: Աշխարհի նիւթեղէն թագաւորութիւնը Քրիստոս եկաւ իր երկնային արժէքներով քանդելու ու հիմնելու երկնքի թագաւորութիւնը: Հետեւաբար, երկրաւոր թագաւորութիւնը իր չարիքներով ու մեղքերով հեռու պէտք է մնայ մեր մտածումներէն եւ կեանքէն: Անոր տիրապետութիւնը կը նշանակէ Աստուծոյ բացակայութիւնը մեր կեանքէն:

գ) Հրաժարիլ անձնակեդրոն կեանքէն. մեր կեանքին ծնունդ, իմաստ, նպատակ տուողը Աստուած ինքն է եւ ոչ թէ մարդը: Հետեւաբար, Աստուած ինք մեր կեանքին կեդրոնը պէտք է դառնայ եւ ոչ թէ մարդը` իր երկրաւոր հաճոյքով ու փառքով: Մարդակեդրոն կեանքը ժխտումն է Աստուծոյ ներկայութեան, եւ հետեւաբար` աղբիւրը չարիքի ու մեղքի:

Քրիստոնեայ անհատը կոչուած է հրաժարելու այս բոլորէն: Ճիշդ է, իբրեւ մարդ դժուար է հրաժարիլ յաճախ մեր կեանքը լեցնող այս երեւոյթներէն, սակայն Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ Քրիստոսով զօրացած ու իրեն նման ըսել երեւելի ու աներեւոյթ կերպով մեզի մօտեցող սատանաներուն` ետիս գնա՛ Սատանայ®»:

Այս ընդհանուր ակնարկէն ետք, վեհափառ հայրապետը նաեւ վերլուծեց Աստուծոյ դառնալու իմաստն ու կարեւորութիւնը: «Հրաժարիմք»-էն ետք, եկեղեցին իր հաւատացեալները կը հրաւիրէ դառնալու դէպի լոյս, այլ խօսքով` դէպի Աստուած եւ աստուածգիտութիւն: Ի՞նչ կը հասկնանք այս հրաւէրով.

«ա) Անհրաժեշտ է դառնալ խաւարէն դէպի լոյս: Աստուած ոչ միայն լոյսի ստեղծիչն է, ինչպէս որ կը կարդանք Ծննդոցի մէջ տիեզերքի ստեղծագործութեան ընթացքին, Աստուած լոյսն իսկ է իր էութեամբ: Լոյսը թէ՛ իր նիւթեղէն եւ թէ՛ հոգեւոր իմաստով հոմանիշ է գերագոյն արժէքներու, կատարելութեան, անմահութեան, յաւերժութեան, գեղեցկութեան. այլ խօսքով` աստուածութեան: Լոյսէն հեռու խաւար է. Աստուծմէ հեռու աշխարհը խաւարի մէջ է ու խաւարը աղբիւր է չարի ու մեղքի: Լոյս եւ խաւար չեն կրնար գոյակցիլ, նոյնիսկ նիւթեղէն իմաստով ու ֆիզիքական օրէնքներու համաձայն. խաւարը լոյսին բացակայութիւնն է: Եկեղեցին կը հրաւիրէ իր հաւատացեալը աշխարհի խաւարէն դառնալու լոյսին` Աստուծոյ:

բ) Անհրաժեշտ է դառնալ Աստուծոյ ու մանաւանդ ճանչնալ զԱստուած: Աշխարհի կրօններու շարքին քրիստոնէութիւնը միակ կրօնն է, որ կը շեշտէ աստուածգիտութեան կամ աստուածճանաչողութեան կարելիութիւնը եւ կարեւորութիւնը: Պարզ լեզուով, քրիստոնեան զԱստուած կրնայ ճանչնալ, որովհետեւ Աստուած ինքզինք իր նախաձեռնութեամբ, յայտնութեան ճամբով ճանաչելի դարձուցած է մարդուն: Հետեւաբար, մարդուն աստուածճանաչողութիւնը իր բանականութեան արդիւնքը չէ, այլ Աստուծոյ կողմէ մարդուն ընծայուած երկնային շնորհ մը:

գ) Աստուած ճանաչողութիւնը կ’ենթադրէ` Աստուծոյ ներկայութեամբ շաղախել մեր կեանքը, երկնային արժէքներով թրծել մեր մտածումներն ու գործերը եւ մեր կեանքի ճամբուն դիմաց ունենալ միայն զՔրիստոս` իբրեւ մեր կեանքի միակ ճշմարտութիւնը եւ ճամբան: Ահա այս կը նշանակէ աշխարհէն հրաժարելու եւ Աստուծոյ դառնալու իմաստը: Հեռու մնալու համար չարէն ու մեղքէն, պէտք է ապրիլ Աստուծոյ ներկայութիւնը, հրաժարիլ աշխարհէն ու դառնալ Աստուծոյ: Այս է, որ կը յիշեցնէ մեր եկեղեցին իր հաւատացեալներուն, Մեծ պահքի ընթացքին», իր պատգամը եզրափակեց վեհափառ հայրապետը:

Արեւագալի արարողութենէն ետք վեհափառ հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած նախաճաշին, որուն ներկայ եղան նաեւ դպրեվանքի ուսանողները, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ առնչուած մարմինները եւ շրջանի ազգայինները:

 

 

Նախորդը

Թղթածրար- Ի Խնդիր Հայերէնի Պահպանման – 4. Դիւրին Կիրարկելի Եւ Գործնական Միջոցներ

Յաջորդը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան Ներկայացուց «Հայ Աշուղական Արուեստը» Նիւթով Դասախօսութիւնը

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.