Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

September 9, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցումը դնենք շեշտակի եւ կարճ:

Ի՞նչ կը սպասէ պր. Սերժ Սարգսեանը` Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները ջնջելու վերջնականապէս: Չենք հասկնար: Արդեօ՞ք Հայաստանի հարցերուն ամբողջական լուծում բերելու միջոց մը կը նկատէ եւ դեռ կը յուսայ, որ Թուրքիա, հանելէ ետք արձանագրութիւնները խորհրդարանի օրակարգէն, զանոնք կը վերադարձնէ թրքական խորհրդարան:

Այդ պարագային Ս. Սարգսեան չ՛անդրադառնար, որ հայ-թրքական հարցը Աթաթուրքի երկրին համար այլեւս այժէմական չէ, հետաքրքրական չէ, զերօ խնդիրներ դաւանելէ ետք, զերօ անվստահութեամբ վերջացաւ եւ այդ հարցով զբաղիլը այլեւս ձեռնտու չէ բնաւ Հայաստանի համար, մանաւանդ որ, ըստ «Ռեկնում» ռուսական լրատուամիջոցին, չհերքուած լուրին, Հիլըրի Քլինթընին յիշեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգները եւ Թուրքիան պարտական կը մնան Հայաստանի, ըստ նախագահ Ուիլսընի, որ համաձայնութեան վաւերացումէ ետք դէպի ծով ելք մը տրամադրելու է Հայաստանին: Ասիկա Թուրքիոյ ամէնէն զգայուն կէտն էր ու Թուրքիայէն բան մը կորզելու ճնշումի միջոց մըն էր Ամերիկայի արտաքին նախարարին համար:

Զուիցերիոյ մէջ կնքուած համաձայնութիւնը մուկ ու կատուի բեմադրութիւն մըն էր, որ իր արտայայտութիւնը գտաւ Երեւանի Հրազդան մարզադաշտին վրայ, ուր բողոքող սփիւռքահայերը դուրս դրուեցան դաշտէն: Ապա` թուրքերու դաշտին մէջ, ուր տեսանք, թէ Ս. Սարգսեան խանդավառ ծափերէ ետք իր ոսկի ակռաներն ալ ցոյց տուաւ: Դիւանախաղերը վերջացան նախապատութեամբ ֆութպոլային գետնի վրայ, ապա` քաղաքական դաշտին, կապկելով Չինաստան-Ամերիկա փինկ-փոնկային խաղը:

Բայց աւելորդ չէ յիշեցնել, որ Չինաստան եւ Ամերիկա որեւէ ցեղասպանական հարց չունին, ոչ ալ` Գեմանիա ու Ֆրանսա:

Պէտք է լաւ գիտնալ` խաղաղութեան սեղան կը նստին անոնք, որոնք հաւասարազօր են: Եթէ չկայ ռազմավարական հաւասարակշռութիւն տկար կազմը, այսինքն` Հայաստանը, դիմած կ՛ըլլայ անձնատուութեան, եւ այս բոլորը տեղի պիտի ունենային կնքահայրութեամբ մեծ զոհը «սիրող» համաշխարհային մեծ տէրութեանց հովանիին ներքեւ: Անոնցմէ որեւէ մէկը չըսաւ, որ հայե՛ր, ի՞նչ կ՛ընէք, անձնատուութեան կ՛երթաք, ձեր դատը կը ծախէք»:

Հարցը հասաւ այն աստիճանին, որ Հայաստանի մէջ Քանատայի նախկին դեսպան Արա Պապեան, անցեալ տարուան 25 սեպտեմբերին ըսաւ. «Մենք ի՞նչ զոհողութիւն պիտի ընենք եւ ի՞նչ պիտի ստանանք յստակ է, որ Թուրքիա շահաւոր կողմ է, բայց հայերը ի՞նչ կը շահին, յստակ չէ»:

Արա Պապեան Նիւ Եորքէն վերադարձին այն տպաւորութիւնը ունէր, որ` «Ամերիկեան վերին շրջանակները զարմացած են, այս իրականութեան առջեւ, ինչո՞ւ այդքան ջերմ են հայերը եւ զիջումներու կ՛երթան»: Եւ եզրակացուց. «Ի՞նչ որ կը շահինք վերջին 50 տարիներուն, զերոյի կը վերածուի»:

ՀՅԴն եւ իր հոծ համակիր զանգուածը յաջողեցաւ համաձայնութիւնը փոխադրել Սահմանադրական դատարան եւ սառեցնել: Այլապէս, օրուան սակաւապետերը կը պատրաստուէին սիրով վաւերացնելու հնագոյն նպաստաւոր ճերմակ երազներու:

Այո՛, սառեցաւ համաձայնութիւնը, բայց չմեռաւ, այն յոյսով, որ օր մը ձմեռնաքունէն կ՛արթնցնեն եւ լոյս աշխարհ կը բերեն` առանց մտածելու, թէ թուրքերն էին, որ զղջացին համաձայնութիւններու նոր ճամբու ուղիէն, եւ եթէ նոյնիսկ անոնք ետ բերին, երբեք պիտի չվաւերացուին, այլ պիտի պահեն, իբրեւ մշտաշանթաժ, ասդին-անդին օգտագործելով զանոնք, իսկ հայերը դեռ կը յուսան:

Թուրքիոյ հետ անհամբեր հովուերգութեան ընդառաջող Հայաստանի վարչակարգը իր բոլոր ապագայ յաջողութիւնները, բարգաւաճումը, յոյսը, երազները կը կապէ Թուրքիոյ հետ բացուելու քաղաքականութեան:

Այս երազող քաղաքագէտներուն` մէկ կարճ հարցում մը ունիմ. Վրաստան շատ ջերմ յարաբերութիւն ունի Թուրքիոյ հետ, ամէն մարզերու մէջ, սակայն այս երկրին տնտեսութիւնը ինչո՞ւ Հայաստանի տնտեսութենէն շատ վար կը մնայ»:

Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացումէն ետք ի՞նչ վնասներ կը սպասեն մեզի, կը մնայ թուարկել ուրիշ անգամ:

Ասիկա կը նմանի դարաւոր ոսոխին Անիի բանալիներուն միւս կէսն ալ յանձնելու, եթէ յանկարծ, Աստուած մի արասցէ, համաձայնութիւններ յարութիւն առնեն:

ՄԱՆՈՒԷԼ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

Պէյրութ

Նախորդը

ՔՍԱՆ ՏԱՐԻ ԵՏՔ. ԱԶԳԱՅԻ՞Ն ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ԹԷ՞ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ՊՈՒՆՏԸՍԼԻԿԱ. ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻ 5-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.