Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔՍԱՆ ՏԱՐԻ ԵՏՔ. ԱԶԳԱՅԻ՞Ն ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ԹԷ՞ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

September 9, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զգացական հայրենասիրութեան յաճախ չարաշահուող մթնոլորտէն եթէ պահ մը հեռանանք եւ մտածողութիւն ու յանձնառութիւններ փոխադրենք իսկական պատմաքաղաքական մակարդակ, պիտի տեսնենք, որ սովորաբար  կ’առաջնորդուինք խարխափումներով, տեսիլք չունինք, ներկան անցեալի մը շարունակութեան գիծին վրայ չի գտնուիր, հեռանկարներ չկան, ազգի եւ հայրենիքի ըմբռնումները լոյս-տարիներով հեռու միգամած մըն են:

Ինչե՜ր ըսուեցան անցնող քսան տարիներու ընթացքին:

Հանրային կարծիքը օրուան լուրերով կ’ապրի, ոչ յիշողութեամբ, քանի որ նոր  լուրը նախորդը կը մոռցնէ:

Քաղաքական կեանքը, արտայայտուելով հանդերձ անմիջական ներկայի մէջ, անցեալի մը շարունակութիւնն է միշտ եւ կը շնչէ ապագայի մը տեսիլքով: Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն քսան տարի ետք, եթէ կ’ուզենք ազգային բովանդակութեամբ ընթանալ, հաշուեկշիռ պէտք է ընել, յիշել ղեկավարելու կոչուածներու դատումները եւ մտածումները, որպէսզի արժեւորումներ կատարենք` կարենալ յառաջդիմելու համար ազգակերտման եւ հայրենակերտման ուղիներուն վրայ:

Թարմացնենք յիշողութիւնները:

Քսանամեակի սկիզբը, այլապէս արժէքաւոր մտաւորական Ռաֆայէլ Իշխանեան, հայ ազգային  քաղաքականութեան տեսիլքը փոքրացուց` իր հռչակաւոր յայտարարութեամբ, ըստ որուն, հարկ էր փրկել հողակտորը: Ոչ` Հանրապետութեան տարածքէն անդին եղած հայոց հայրենիք Հայաստանը, արեւմտեան կամ բռնագրաւուած: Հողակտորի առաջին նախագահը զարգացուց այս մտածումը` յայտարարելով, որ պատմութեան էջերը կարելի չէ վերստին գրել: Այս տրամաբանութեան ուղիղ գիծին վրայ, ազատագրուած Արցախի լքման ընթացք որդեգրեց: Վարչակարգի աւագ դէմքերէն Բաբգէն Արարքցեան, Ազգային Ժողովի նախագահը, իր կարգին կ’աւելցնէր, որ քաղաքականութիւնը չի կրնար ներշնչուիլ պատմութենէն: Ազգի մը պատմութիւնը միթէ սունկի տեսա՞կ մըն է: Հետեւեցան ուրիշներ: Աշոտ Բլէեան, պարզագոյն եղանակով, ջատագովեց Արցախի լքման քաղաքականութիւնը այն իմաստութեամբ, որ հայերը մինչ այդ գտած էին ձեւը ազերիներուն հետ ապրելու եւ կրկին կրնային գտնել: Եւ հոգեբանական մթնոլորտ ստեղծելու համար ծրագրեց հայ նորահաս սերունդին չուսուցանել Ցեղասպանութեան վերաբերեալ խնդիրները: Ուրիշ մը` Վանօ Սիրադեղեան, իր վերահրատարակուած գիրքի նախաբանին մէջ կ’ըսէ, թէ հայը աւելի կը սիրէ իր պատմական հայրենիքը, քան` իրական հայրենիքը:

Միշտ հետեւինք յունական դիցաբանութեան Արիանի թելին, որ թրքամէտ քաղաքականութիւնն է:

Օրին, 12 փետրուար 1992-ին, Փարիզի «Կամք» օրաթերթը արձագանգած էր Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ նախարար Արման Նաւասարդեանի անգլերէնով լոյս տեսնող թրքական «Տէյլի Նիուզ»ի աշխատակիցին հետ (5 փետրուար) հարցազրոյցին, զոր Պոլսոյ հայկական «Մարմարա» թերթը թարգմանաբար հրատարակած էր: Արման Նաւասարդեանի խօսքը ամբողջ քաղաքական ծրագիր մըն է, կամ` բանաձեւումը լքումներու. 1. Հայաստան հերքեց այն պնդումները, ըստ  որոնց, այս երկիրը հողային պահանջներ ունի Թուրքիայէն: 2. Ան աւելցուց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւուած են` եւ ներկայիս, հայերը հողային որեւէ պահանջ չունին Թուրքիայէն: 3. Հայկական խմբակներ, որոնք  արտասահմանի մէջ կը գործեն, չեն ցոլացներ մեր քաղաքականութիւնը: Մնաց, որ արդէն ձգտեալ վիճակ կայ անոնցմէ ոմանց եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ: 4… յարգանք ցուցաբերել սահմանային անփոփոխութեան  նկատմամբ:

Ազգի մէկութեան ի՜նչ ըմբռնում. մեր ներազգային տարբերութիւնները փռել թուրքին առջեւ: Արտասահմանի հայկական խմբակներու…: Չկա՞ն նաեւ Հայաստանի մէջ: Խմբակնե՞ր են, թէ՞ կազմակերպութիւններ: Թուրքիա՞ն պիտի դառնար մեր խոստովանահայրը:

Ինչո՞ւ զարմացանք, երբ նախագահ Սերժ Սարգսեան Թուրքիոյ հետ նախնական համաձայնութիւնները (փրոթոգոլ) ստորագրեց: Անոնք յամառ կերպով հետապնդուող քաղաքականութեան մը դրսեւորումն էին:

Պարզ հարցում մը. Հայկական հարցը մեր ազգային հա՞րցն է, թէ՞ ոչ:

Հայկական հարց կրնա՞յ ըլլալ առանց Հայաստանի ամբողջացման:

Հայկական արտասահմանը ըսելիք չունի՞:

Սփիւռքը, հայրենահանուած ժողովուրդ, մի՞թէ իրաւատէր չէ: Ո՞ւր եւ որո՞ւ իրաւունք տուած է Հանրապետութենէն տարբեր Հայաստանէն հրաժարելու…

Ո՞ւր է իր անուան արժանի ազգային քաղաքականութիւնը:

Սեւրի դաշնագիրը եւ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարարութիւնը արժանի չե՞ն այդ հռչակաւոր,  տխրահռչակ, փրոթոգոլներուն մէջ տեղ մը ունենալու:

Ժամանակակից հայրենի քաղաքական գործիչներ ի՞նչ կ’ըսեն:

Ի՞նչ կ’ըսեն 1919-ին ընդունուած Միացեալ Հայաստանի որոշման ջատագովները:

Ի՞նչ կ’ըսեն գաղափարական ժառանգորդները Գերսամ Ահարոնեանի, որ պատգամած էր` «Գալ տարի Վան»…

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

25 օգոստոս 2011, Պիքֆայա

Նախորդը

«ՇԱՌԱՉՈՂ ՇՂԹԱՆԵՐ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ՎԱՐԱՆԴ)

Յաջորդը

ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.