Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՇԱՌԱՉՈՂ ՇՂԹԱՆԵՐ» (ՀԵՂԻՆԱԿ` ՎԱՐԱՆԴ)

September 9, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2011-ին Թեհրանի «Ալիք» տպարանէն լոյս տեսաւ պարսկահայ բանաստեղծ Վարանդի «Շառաչող շղթաներ» խորագրեալ քերթողագիրքը: Սոյն գործը կը բաղկանայ 72 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ հետեւեալ եօթը պատմական պոէմաները. «Կարմիր սուլթան», «Կարմիր տեսիլք», «Նեմեսիսազարմ», «Զինադրօշ», «Կեսար եւ Յիսուս», «Տիգրան Մեծ» եւ «Հայկ Դիւցազն»:

Հատորին «Կարմիր սուլթան» կոչուած առաջին բաժինը կը բովանդակէ «Ուժանակ» խորագրեալ հինգ ենթաբաժինները, ուր Վարանդ կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս Դաշնակցութեան ղեկավարները` Քրիստափոր Միքայէլեան եւ իր ընկերները, կը դիմեն փոխվրէժի` վերջ տալու համար սուլթան Համիտի հայաջինջ կոտորածներուն:

Այս նպատակով կը պատրաստեն «դժոխային մեքենան», ուր կը զետեղեն ժամացոյցով լարուած ռումբ մը, որպէսզի ուրբաթ օրուան աղօթքէն ետք, արքայական մզկիթէն դէպի պալատ դառնալու ժամուն ահաբեկեն սուլթան Համիտը: Դժբախտաբար, իր անակնկալ յապաղումին պատճառով, սուլթան Համիտ կ՛ազատի իրեն դէմ ծրագրուած մահափորձէն:

«Կարմիր տեսիլք» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը Վարանդ կը ձօնէ Սեբաստացի Մուրատի նահատակութեան 90-ամեակին, եւ այս առիթով կ՛ըսէ, թէ Մուրատ վարած է արկածախնդրական գործունէութիւն: Այսպէս, երիտասարդ տարիքին մաս կազմած է Դաշնակցութեան շարքերուն: Եկած է Սասուն, ուր թուրք եւ քիւրտ հրոսակներու դէմ իր տարած փայլուն յաղթանակներուն շնորհիւ արժանացած է զօրավար Անդրանիկի անվերապահ գնահատանքին: Զանգեզուրի շրջանին մէջ եւս տարած է շքեղ յաղթանակներ` Հայ-թաթարական կռիւներու ընթացքին: Գործած է նաեւ հերոսական հիանալի արարքներ` Երզնկայի մէջ:

Ժամանակ մը Մուրատ կը զբաղի որբեր հաւաքելու գործով: Ապա, Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին, կ՛անցնի Պաքու, ուր կը մասնակցի հայ-թաթարական կռիւներուն, ծանրօրէն կը վիրաւորուի ու կը մեռնի 1918-ին: Բանաստեղծ Վարանդ հետեւեալ տողերով կը բնութագրէ Սեբաստացի Մուրատին եղերական մահը.

«Առաւօտ: Պաքու: Բիբի-Հէյբաթի
———————-ճակատ: Ճգնաժամ:
Մեր խիզախները ձախ թեւի դիրքը
———————-չտուին էժան,
Բայց մարտում ընկաւ մարտիկը ահեղ`
———————–Մուրատ ջան ֆիտան,
Յօնքերի մէջտեղ` թուրքի սեւասուն
———————-փամփուշտը դաժա՜ն…»:

«Նեմեսիսազարմ…» խորագրեալ պոէմայով Վարանդ կը ներկայացնէ դիւցազնական կերպարը Արամ Երկանեանին, որ հերոսական արարքով լուծեց վրէժը Եղեռնի հայ նահատակներուն:

Վարանդ հետեւեալ խօսքերով կը պանծացնէ յիշատակը դիւցազնատիպ հերոս Արամ Երկանեանին.

«Արամ, օ՜, Արամ,
Քուրմ դիւցազնազարմ…
Պատանի էիր,
Երբ որ կարդալով ողբն Ատանայի,
– Ուր մորթոտւում էր արմաղ ու շարմաղ,
—————–Չքնաղ Կիլիկիան,
Ուր պղծւում էին կին ու երեխայ`
—————–Զէյթունից Քիլիս,
—————–Ուրֆայից մինչ Սիս,-
Երդուեցիր` պիտի վրիժառուի կոչում
—————–կրես թանկ,
Այլակերպւես ու դառնաս Նեմեսիս…»:

Ու եզրափակելով իր զգացումները Արամ Երկանեանի մասին` Վարանդ կ՛ըսէ.

«Ու շիրմիդ վրայ
Մոգպետ մի անպերճ
Պտտում է անտես,
————շշնջում է անվերջ,
Մեղմ աղօթքի պէս.
– Դո՛ւ սուրբ ես, Արա՜մ…»:

«Զինադրօշ» (Apocalypsis) խորագրեալ պոէմայով Վարանդ անխառն ոգեւորութեամբ կը փառաբանէ հայ ժողովուրդի անյաղթ դիւցազուններուն վրիժախանձ բազուկները:

Այսպէս, կը գովաբանէ Սողոմոն Թեհլիրեանը, որ 15 մարտ 1921-ին, Պերլինի Հարտենպերկ պողոտայի մայթին վրայ ահաբեկեց ոճրագործ Թալէաթը:

Պարծանքով կը յիշէ Արշաւիր Շիրակեանը, որ 6 դեկտեմբեր 1921-ին Հռոմի պողոտաներէն մէկուն վրայ նետուեցաւ Սայիտ Հալիմը փոխադրող կառքին վրայ եւ սպաննեց զայն:

Կը գովէ Ստեփան Ծաղիկեանը, որուն ղեկավարութեամբ, 25 յուլիս 1922-ին, Թիֆլիսի մէջ, Չեկայի շէնքին առջեւը, դաշնակցական հերոսներ Պետրոս Տէր Պօղոսեան եւ Արտաշէս Գէորգեան զգետնեցին Ճեմալ փաշա կոչուած գազանը:

«Կեսար եւ Յիսուս» խորագրեալ պոէմային գլխաւոր նիւթը այն է, թէ Յիսուս երեսուներեք թուականին կը ձերբակալուի Երուսաղէմի մէջ ու կը նետուի գետնափոր նկուղը, ուր տեղի կ՛ունենայ երկխօսութիւն` Հռոմի ամբարտաւան Կեսարին եւ Յիսուսի միջեւ: Սոյն երկխօսութեամբ Կեսար կը վերագրէ իր անձին բազմաբեղուն արժանիքներ` ըսելով, որ ունի օգոստափառ տիտղոսներ, կայսերական թագ ու փառք, ունի զօրեղ բանակներ եւ քաջածանօթ է բազում լեզուներու: Կեսար կ՛ըսէ նաեւ, թէ Յիսուս պիտի ենթարկուի բազմատեսակ չարչարանքներու եւ սովորական ոճրագործի նման դատապարտուի մահուան: Ուշագրաւը սակայն այն իրողութիւնն է, որ թէեւ Յիսուս կը մեռնի խաչափայտին վրայ, բայց երեք օր ետք յարութիւն կ՛առնէ, կը համբառնայ երկինք ու կը բազմի Իր Երկնաւոր հօրը քով: Իսկ Կեսար կը մեկնի Հռոմ, ուր պարզապէս կը շարունակէ բռնատիրական իր անողոք քաղաքականութիւնը:

Հատորին «Տիգրան Մեծ» խորագրեալ պոէման կը բաղկանայ «Դրօշ» անունը կրող եօթը ենթաբաժիններէ, ուր Վարանդ կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս Մեծն Տիգրան կազմակերպեց հայոց բանակը, շինեց բերդաքաղաքներ, հիմնեց Տիգրանակերտը, գրաւեց Կապադովկիան, Կորդուք աշխարհը, Միջագետքը, Նինուէն, Արբեղան, Ատրպատականը եւ կոչեց ինքզինք արքայից արքայ: Ապա մեծ բանակով գրաւեց Կիլիկիան, Անտիոքը, Դամասկոսը, Լիբանանն ու Պաղեստինը ու հասաւ Սինայի անապատը: Պարտութեան մատնեց Լուկուլլոսն ու Պոմպէոսը, սակայն նկատելով, որ պարթեւներն ու հռոմայեցիները կը հանդիսանան իր զօրաւոր թշնամիները, հաշտութեան դաշինք կնքեց Պոմպէոսի հետ եւ մինչեւ մահ կառավարեց Հայաստանը` խաղաղ եւ բարգաւաճ պայմաններու տակ:

Հատորին «Հայկ Դիւցազն» խորագրեալ վերջին պոէման կը բաղկանայ «Սլաք» կոչուած եօթը ենթաբաժիններէ, ուր Վարանդ կ՛անդրադառնայ Եղեռնի արիւնոտ իրադարձութեանց, երբ կը նահատակուին հայ դպրութեան հանճարեղ երախտաւորները` Վարուժանն ու Սիամանթոն, Ռուբէն Սեւակն ու Կոմիտասը, Գրիգոր Զօհրապը եւ բազում արուեստագէտներ: Վարանդ կը գովաբանէ Ղարաբաղի հայ ժողովուրդին տարած յաղթանակը ազերիներու դէմ: Կը գովերգէ հայ ֆետայիներուն մղած ազատագրական պայքարները թուրքերու դէմ: Կը յիշէ պատմութիւն կերտած անմահանուն այն բոլոր հայ քաջերը, որոնց դիւցազնահայրն է Հայկ Դիւցազնը:

Արդարեւ, «Շառաչող շղթաներ» խորագրեալ իր եօթը պոէմաներով Վարանդ կը փոխանցէ այն մտածումը, թէ կեանքի հիմնական նպատակն է ազատութիւնը, զոր կրնանք ձեռք բերել պայքարի ճամբով միայն…

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Օգոստոս 2011
Պէյրութ

Նախորդը

ՁԱՅՆԱԴԱՐԱՆ

Յաջորդը

ՔՍԱՆ ՏԱՐԻ ԵՏՔ. ԱԶԳԱՅԻ՞Ն ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ԹԷ՞ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.