
Շարունակելով իր շարքերուն ներքին ընտրութիւնները` Ազգային ազատ հոսանքի 340 պատգամաւորներ երէկ ընտրեցին իրենց քաղաքական խորհուրդի կազմը:
14 թեկնածուներէն ընտրուեցան հետեւեալ վեց անդամները, որոնց կազմը պիտի ամբողջացնէ կուսակցութեան նախագահ Ժըպրան Պասիլ` նշանակելով մնացեալ երեք անդամները, Միրէյ Աուն Հաշեմ, Զիատ Եուսեֆ Նաժժար, Ճիմի Ժորժ Ժապպուր, Ռինտալա Ռաֆիք Ժապպուր, Նաաման Ժոզեֆ Մրատ եւ Նաժի Էմիլ Հայէք:
Նշենք, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն իր կարգին Ռապիէի մէջ մասնակցեցաւ քուէարկութեան: Իսկ կուսակցութեան նախագահ Ժըպրան Պասիլ եւ նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երեկոյեան ներկայացան կուսակցութեան Սին էլ Ֆիլի կեդրոնատեղին եւ մասնակցեցան քուէարկութեան: Այս առիթով նախարար Պասիլ «պատմական օր» որակեց երէկուան ընտրական հոլովոյթին երեւոյթը` ընդգծելով, որ այս մէկը նախաքայլն է կուսակցութեան վարչական հաստատութեանց հիմնաքարը զետեղելու ծրագիրին:
Ընտրութեանց պիտի յաջորդէ կուսակցութեան ընդհանուր հիմնադիր ժողովը` 12 եւ 13 մարտին:


