Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երիտասարդ Գեղանկարիչ Սերժ Մանուկեանի Անհատական Ցուցահանդէսը

February 25, 2016
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG-20160220-WA0001

Այս օրերուն Ժմմեյզէի Կուրօ թաղամասին մէջ գտնուող` Ալֆրետ Սըրսոք Քոքրէյնի նախաձեռնութեամբ ու արուեստագէտ Նայիլա Պասիլիի զօրակցական ներդրումով  իրագործուած «392Ռմէյլ393» ցուցասրահին մէջ կը ներկայացուին երիտասարդ գեղանկարիչ Սերժ Մանուկեանի շուրջ քառասուն գեղանկարները: Մեծ, միջակ, զանազան չափերով ու գեղանկարչութեան այլազան ոճերով` ջրաներկ, իւղաներկ, քոլաժ, աքրիլիք ու գեղագիտական այլ ոճերով ներկայացող այս տաղանդաւոր երիտասարդը փորձած է արտայայտել իր ներաշխարհի ապրումները, իղձերը, մղումները:

Գեղանկարչական արուեստի միջազգային ոճի` սուֆիներու եւ այլ զանազան դպրոցներու տպաւորութիւնները, մանկական, ապա պատանեկան շրջանին ապրած ներաշխարի յուշերն ու երիտասարդական նորարարութեանց իր ապրումները, գաղափարներու բախումները միախառնուելով, ընձիւղուելով` կը պոռթկան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ: Գեղագիտական հմտութիւնները զարգացնելու իր տենչերու սլացքին մէջ ակներեւ է ընտանեկան, ժառանգական ազդեցութիւնը, ուր ան խորապէս ազդուած է իր մօր` Թոքաթլեան գերդաստանի երէցներէն: Օրինակ` իր մեծ հայրը հաստատութիւններու հասցէներ պարզող ցուցատախտակներու պատրաստութեան արհեստին մէջ անունները կը ներկայացնէր արուեստի, ստեղծագործական իր իւրայատուկ ոճով, դրոշմով: Իսկ մեծ հօր հայրը, հակառակ իր անդամալոյծ վիճակին, յաջողած է լուցկիի ցպիկներով սքանչելի մանրանկարներ եւ պատկերներ ստեղծել: Նմանապէս, ան ազդուած է իր մօրեղբօր` ծանօթ արուեստագէտ, քանդակագործ Րաֆֆի Թոքաթլեանի ոճէն:

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտ Սերժ Մանուկեան աւարտած է Լիբանանեան համալսարանի Գեղարուեստի հիմնարկը: Սակայն ան իր գեղանկարչական բնածին ձիրքն ու  հմտութիւնները առաւելաբար զարգացուցած է ինքնաշխատութեամբ: Արուեստի մասին իր հետաքրքրութիւնը գլխաւորաբար կեդրոնացած է երգիծական, քննադատական ոճին ու յատկապէս «անիմէյշըն»-ի ուղղութեամբ եւ այս գծով  յաջող փորձառութիւն ունեցած է` մասնակցելով  առաջին անգամ Լիբանանի մէջ  կայացած «Մեթրոփոլիս»  շարժապատկերի շարժուն գծանկարներու ցուցահանդէս-փառատօնին: Նաեւ «անիմէյշըն»-ի պատկերներ գծելով աշխատակցած է «Սամանտալ» քննադատական-երգիծական պարբերաթերթին:

Նմանապէս, փոքրիկ արձանիկ մը ներկայացնելով` մասնակցած է արուեստի պատմագէտ ու քննադատ` Սեզար Նամմուրի հիմնած «ՄԱՔԱՄ» ցուցասրահի մէկ ձեռնարկին: Օգոստոս 2015-ին մասնակցած է Պուրճ  Համուտի մէջ  կայացած «Կանգառ»-ի ցուցահանդէսին: «Ազդուած եմ փորձառական դպրոցի ոճէն ու փորձած եմ գեղագիտական արուեստի  միջազգային դպրոցներուն մէջ, մարդկային հոգիներէն ներս թափանցող, հանդուրժողութեան ու մարդիկը իրարու միացնող հասարակաց եզր մը գտնել», ըսաւ Սերժ Մանուկեան «Ազդակ»-ի մէկ հարցումին պատասխանելով: Ան մեծապէս կը քաջալերէ երիտասարդները, որ հետաքրքրուին ու հմտանան արուեստի ճիւղերուն մէջ: Իսկ յառաջիկայ իր քայլերուն մասին ան ըսաւ. «Մուշեղ Գարավարդանեանին հետ կը ծրագրենք միացեալ ցուցահանդէս մը կազմակերպել: Նաեւ կը մտադրեմ  արտասահման մեկնիլ, «անիմէյշըն»-ի մարզին մէջ ստեղծագործելու նպատակով:

Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 26 փետրուար 2016, Ժմմէյզէի «392Ռմէյլ393» ցուցասրահին մէջ:

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

«Այսօր Մարդը Ինքնիր Դէմ Կը Պատերազմի Իր Սեփական Գետնին Վրայ»

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի «Մարդուկ Ջարդուկ»-ը

January 19, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Կանացի Աչքերով Զ.

January 12, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Աղբակոյտը` Ապաստան (Բ.)

November 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.