
Մինսքի մէջ աւարտեցաւ երկրի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի մրցանակներու խաղարկութեան 20-րդ միջազգային` Պիելոռուսիոյ բաց ախոյեանութիւնը, որ այս տարուան առաջին մրցանակային մրցաշարքն էր սամպոյի մարզիկներուն համար, հաղորդեց Armsport.am:
Մրցումներուն երկրորդ օրը, Հայաստանը ներկայացնող Էռնեսթ Հայրապետեան մարտական սամպոյի 62 քմ դասակարգին մէջ արժանացաւ պրոնզէ մետալին:
Նշենք, որ ստեփանակերտցի մարզիկը 2015-ի աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր է եւ Եւրոպայի ախոյեանութեան փոխախոյեան:


