
Ն. Բ.
Նախորդ շաբաթ «Ազդակ»-ին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին լիբանանահայ իրականութեան մէջ իբրեւ բեմադրիչ իր դերն ու ներդրումը ունեցած Ռոպերթ Առաքելեան, խօսելով ուրբաթ 19 եւ շաբաթ 20 փետրուարին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ «Արեգ»-ի աւագ սերունդէն անդամներուն կողմէ լիբանանահայութեան հրամցուելիք Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքայի «Պեռնարտա Ալպայի տունը» թատրերգութեան մասին` հաստատեց, որ աւագ արեգականները պէտք է ստեղծէին երիտասարդական նոր թատերախումբ մը, որ «Արեգի» եւ «Գ. Իփէկեանի» կապող օղակը ըլլալու պիտի կոչուի` իրեն հետ բերելով նոր շունչ, նոր գեղագիտութիւն, նոր եռանդ ու նոր ոգեշնչում:
Ճիշդ էր «Պեռնարտա Ալպայի տունը» թատերախաղի բեմադրիչն ու գեղարուեստական ղեկավարը, որովհետեւ «Արեգ»-ի մէջ թրծուած աղջիկները (բոլոր դերակատարները իգական սեռի կը պատկանին այս ներկայացման մէջ) իսկապէս նորութիւն բերելու եւ լիբանանահայուն նոր շունչ հաղորդելու առաջադրանքով բեմ կը բարձրանան յառաջիկայ օրերուն:
Այս տրամադրութիւնը շօշափելի դարձաւ նախանցեալ շաբաթավերջին, երբ ոչ սովորական քայլով ու նախաձեռնութեամբ մը Ռոպերթ Առաքելեանը աւագ արեգականներու փորձերէն մէկուն հրաւիրեց բեմադրիչներ, արուեստի աշխարհին, յատկապէս թատրոնին մօտիկ անձեր, լրագրողներ եւ այլ հիւրեր, որպէսզի դիտեն «Պեռնարտա Ալպայի տունը» թատերախաղի փորձը` առանց բեմայարդարումի, շպարի, զգեստներու, ամենայն պարզութեամբ` շեշտը դնելով միայն թատերական արտայայտչաձեւերուն եւ հմտութիւններուն վրայ:

Հետաքրքրական փորձ-բաց դաս էր, հիւրերուն դիմաց դերասանական ասպարէզ մուտք գործելու հիմնական քայլերը առնող արեգականները բաւական ինքնավստահութեամբ ներկայացուցին թատերախաղը` իւրաքանչիւրը իրեն վերապահուած դերին առանձնայատկութիւնները լաւագոյնս դրսեւորելու ճիգով: Անոնք կը ներկայացնէին տարբեր նկարագիրներ, հոգեվիճակներ, որոնք շատ հեռու իրենց տարիքային ներաշխարհէն: Աղջիկները, սակայն բաւական յաջող կերպով, եւ մանաւանդ լուրջ բեմադրութեամբ հանդէս եկան` իրենց վրայ հրաւիրելով ներկաներուն ուշադրութիւնն ու սպասողական վիճակի փոխադրելով զանոնք: Հետաքրքրական ներկայացում էր` երկու արարով, նորութիւն բերող յատկապէս դերակատարներուն ընդմէջէն, որոնք այս ներկայացմամբ կու գան Համազգայինի թատերական իրականութեան մէջ նոր էջ մը բանալու եւ յուսատու ճառագայթ ըլլալու:
Աւարտին բեմադրիչն ու աւագ արեգականները լսեցին ներկաներուն մատնանշումները, կարծիքները, տեսակէտները, իրենց կարգին լուսաբանութիւններ տալով եւ հետաքրքրական ու օգտաշատ զրոյց-քննարկումի առիթ ստեղծելով:
Լիբանանահայութիւնը ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը հրաւիրուած է ականատեսն ու վայելողը, մանաւանդ քաջալերողը ըլլալու աւագ արեգականներու այս անդրանիկ փորձին, որուն մէջ կան տարբեր պատգամներ, փորձառութիւններ ու իրավիճակներ: Ասիկա առիթ է անոնց հանդիսատեսին հետ կապ հաստատելու, բեմէն իրենց մարմնաւորած անձերուն մտածումներն ու հոգեվիճակները բնական ու անմիջական կերպով փոխանցելու ներկաներուն: Բարի երթ աւագ արեգականներուն, կը մնանք քաջալերող եւ ակնկալող:


