Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերպիա Օգտակար Կը Նկատէ Համարկումի Հոլովոյթներու Վերաբերեալ Հայաստանի Հետ Փորձի Փոխանակումը

February 9, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

serb_020816

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Սերպիոյ Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Մայա Կոյքովիչը:

Նշելով, որ Սերպիոյ մէջ այժմ աշխուժօրէն ընթացք առած է Եւրոպական Միութեան հետ համարկումի հոլովոյթը, եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը իր երկրի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է, Սերպիոյ Ազգային ժողովի նախագահը  ընդգծած է, որ իր համոզումով, փոխադարձ օգտակար պիտի ըլլայ այս ընթացքին Հայաստանի հետ` իբրեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամի, համարկումի հոլովոյթներու վերաբերեալ փորձի փոխանակումը` նկատի առնելով նաեւ, որ Հայաստանը իր արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին մէջ կարեւոր կը նկատէ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան զարգացումը, կը փոխանցէ նախագահի պաշտօնական կայքը:

Մայա Կոյքովիչ կարեւոր նկատած է բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները եւ յոյս յայտնած, որ Հայաստանի նախագահը այս տարի այցելէ Սերպիոյ Հանրապետութիւն, որուն ընթացքին առիթ մը եւս կ՛ըլլայ քննարկելու միջխորհրդարանական յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ միջխորհրդարանական վեհաժողովներուն Հայաստանի եւ Սերպիոյ պատուիրակութիւններու  համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման  բանակցային հոլովոյթին: Մայա Կոյքովիչ նշած է, որ մեկնելով իր երկրի փորձառութենէն, Սերպիոյ մէջ խորապէս համոզուած են, որ տագնապի լուծումը կարելի է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ, միայն խաղաղ ճամբով եւ բացառապէս երկխօսութեան միջոցով:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ սիրով ընդունած է գործընկերոջ հրաւէրը` այցելելու Սերպիա: Նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստանը բաց եւ անկեղծ է Սերպիոյ հետ իր փոխյարաբերութիւններուն մէջ, շահագրգռուած է փոխադարձ վստահութեան եւ համագործակցութեան մթնոլորտի մէջ զարգացնելու միջպետական կապերը:

Հանդիպում`
Գալուստ Սահակեանի Հետ

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան եւս ընդունած է պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան հասած Սերպիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Մայա Կոյքովիչի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ազգային ժողովի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու  հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով` Գալուստ Սահակեան նշած է, որ Հայաստանի համար անակնկալ էր ԵԽԽՎ-ի վերջին նստաշրջանին սերպական պատուիրակութեան գրեթէ բոլոր անդամներուն հակահայկական երկու բանաձեւերուն աջակցելու փաստը, ինչ որ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին խօսքով, կը հակասէ երկու երկիրներուն միջեւ «բազմամեայ բարեկամական յարաբերութիւններու  ոգիին, ինչպէս նաեւ Սերպիոյ պաշտօնական դիրքորոշումին`  Ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ»:

Մայա Կոյքովիչ, կարեւոր նկատելով միջազգային կառոյցներու մէջ  գործակցութիւնը, առաջարկած է երկու խորհրդարաններու  համագործակցութիւնը աշխուժացնել:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` ան նշած է, որ ղարաբաղեան տագնապը պէտք է լուծուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ, մատրիտեան սկզբունքներու հիման վրայ:

Մայա Կոյքովիչն ու անոր ընկերակցող սերպ խորհրդարանականները աւելի ուշ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին, եւ ուր ծաղկեպսակ զետեղեցին: Անոնք նաեւ շրջագայած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, ծանօթացած Ցեղասպանութեան վերաբերող նիւթերու եւ նկարներու, իսկ աւարտին Սերպիոյ խորհրդարանի նախագահը գրառում կատարած է յուշամատեանին մէջ:

Նախորդը

Վարդանեան. «Կայ Մեծ Պատասխանատուութիւն, Անհանգստութիւն Եւ Աշխատելու Ցանկութիւն»

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.