«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ ամերիկացի երեք քոնկրեսականներ դիմած են Իրանին` մուտքի արտօնագիր ստանալու համար, որպէսզի հետեւին 26 փետրուարին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին ժողովրդավարութեան կանոններու պահպանման:
Միաժամանակ անոնք ուղերձ յղած են Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիին եւ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ղեկավար Մոհամետ Ալի Ժաաֆարիին` մուտքի արտօնագիր ստանալուն աջակցելու համար:
Իրան իրենց այցելութեան նպատակը քոնկրեսականները բացատրած են «գետնի վրայ իրանեան ժողովրդավարութիւնը տեսնելու» ցանկութեամբ:
Քոնկրեսականները նաեւ նշած են, որ պիտի փափաքէին ստուգել Իրանի հիւլէական կեդրոնները Փարչինի, Ֆորտոյի եւ Արաքի մէջ, եւ Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններուն հետ քննարկել յունուարին Իրանի տարածքային ջուրերուն մէջ Միացեալ Նահանգներու ծովուժին պատկանող նաւերուն առնչուած միջադէպը:
Նախապէս հաղորդուած է, որ Քուէյթէն Պահրէյն ուղեւորուող երկու ամերիկեան նաւեր յայտնուած են Իրանի տարածքային ջուրերուն մէջ, ինչէն ետք Իրանի իշխանութիւնները ձերբակալած են անձնակազմերու 10 անդամները: Աւելի ուշ անոնք ազատ արձակուած էին:


