Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Վատիկան Կ՛ուղարկէ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Պատճառով Տուն Կանչուած Իր Դեսպանը

February 6, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Turkish-Ambassador_020516

«Նիւ Եորք Թայմզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիա 4 փետրուարին Վատիկան վերադարձուցած է իր դեսպանը, որ 10 ամիս առաջ տուն կանչուեցաւ` իբրեւ բողոք Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս որոշումը կապած է պապին կողմէ, 3 փետրուարին կատարուած յայտարարութեան, որ Թուրքիոյ մամուլին կողմէ մեկնաբանուած է իբրեւ «նահանջ»:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Տիգրան Բալայեան այս մասին ըսած է. «Թրքական այն տեղեկատուութիւնը, թէ Վատիկանը ետքայլ կատարած է պապի ապրիլեան ուղերձէն, ամբողջութեամբ կեղծ է»:

Պապը իր յայտարարութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը որակած է «1915-ի ողբերգական իրադարձութիւնները» եւ ըսած, որ հակառակ անցեալի դառն յիշողութիւններուն, անհրաժեշտ է գիտական ուսումնասիրութիւն մը կատարել` հասարակաց եւ ընդունելի ճշմարտութիւն մը գտնելու նպատակով: Այս ուղղութեամբ, ան գովելի գտած է պատմաբաններուն առջեւ իր բոլոր արխիւները բանալու Թուրքիոյ որոշումը:

Վատիկանի բանբեր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, պատասխանելով այս առիթով Թուրքիոյ մամլոյ ներկայացուցիչներու հարցումներուն` ըսաւ, որ պապը իրեն փոխանցած է, թէ ինք թուրք ժողովուրդը կը սիրէ ու կը գնահատէ: Նշենք, որ Թուրքիա անցեալ տարի Ցեղասպանութեան մասին պապի յայտարարութենէն ետք, Վատիկանի հետ իր յարաբերութիւնները նուազեցուցած էր գործակատարի մակարդակին:

 

 

Նախորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Ծերակոյտին Կոչ Ուղղած Է Ղարաբաղին Յատկացնել 5 Միլիոն Տոլար

Յաջորդը

Սահմանադրութեան Վերաբերող Քննարկում` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին Կողմէ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.