Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Քաղաքապետական Ընտրութիւն Կատարելու Գումարները` Յետաձգելով Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերուն Պահանջին Քննարկումը

February 3, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ministerial-Council_020216

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Նեպիլ տը Ֆրէյժ եւ Ալեն Հաքիմ:

Աւելի քան չորս ժամ տեւած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդին գումարած նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ շեշտած է, որ այս նիստին նպատակն է քննարկել անցեալ նիստէն մնացած օրակարգի կէտերը:

Ժրէյժ նշեց, որ այդ շրջագիծին մէջ կառավարութիւնը վաւերացուց Եւրոպական Միութեան եւ լիբանանեան պետութեան միջեւ օդային ծառայութիւններու վերաբերող օրէնքներ, լիբանանեան պետութեան եւ Միջազգային դրամատան միջեւ շինարարութեան եւ ընկերային մարզի ֆինանսաւորման վերաբերող ծրագիր մը, կրթական տարեշրջանին ընթացքին շաբաթը վեց օրուան դրութեամբ Լիբանանի զբօսաշրջական վայրերու ձրի այցելութեան արտօնութիւն`  պետական եւ սեփական դպրոցներ յաճախող աշակերտներուն, եւ քաղաքապետական ու թաղապետական, ինչպէս նաեւ Ժեզզինի երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւնները կատարելու գումարներու յատկացում:

«Ժամանակին նեղ ըլլալուն պատճառով կառավարութիւնը չկրցաւ սերտել արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի կողմէ նախկին նախարար Միշել Սմահայի թղթածրարը Արդարութեան խորհուրդ փոխանցելու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ օրակարգէ դուրս արծարծուած շարք մը այլ հարցեր», ըսաւ Ժրէյժ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը չորեքշաբթի, 10 եւ հինգշաբթի, 11 փետրուարին պիտի գումարէ յաջորդական երկու նիստեր` շարունակելու համար այդ օրակարգին քննարկումը:

Քաղաքացիական
Պաշտպանութեան Ուժեր

Կառավարութեան նիստին զուգահեռ, Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ բողոքի ցոյց մը կազմակերպող Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը, որոնք խոստումներ ստացած էին կամաւորի իրենց կարգավիճակէն հաստատուն պաշտօնեաներու կարգավիճակ ստանալու, յուսախաբ դուրս եկան հրապարակէն, երբ կառավարութեան նիստին ընթացքին իրենց պահանջը մերժուեցաւ:

Բողոքի իբրեւ միջոց, անոնք որոշ ժամանակի մը համար փակեցին Ժիէի եւ Պարժայի մայրուղիները` երկու կողմերով, ինչպէս նաեւ փակուեցաւ Մար Մըխայէլ-Շարլ Հըլու մայրուղին` երկու կողմերով:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը յայտնեցին, որ իրենք ամբողջ Լիբանանի տարածքին իրենց աշխատանքները եւ ծառայութիւնները պիտի կասեցնեն: Իրենց խօսքը ուղղելով Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սաատ Հարիրիին` անոնք հաստատեցին, որ զիրենք հաստատ պաշտօնեաներ դարձնելու պահանջը մերժելով ան Լիբանանի մէջ կորսնցուցած է իր ժողովրդականութիւնը, եւ խորհուրդ տուին Հարիրիի շարունակել Լիբանանէն դուրս մնալու:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը մինչեւ ուշ երեկոյ շարունակեցին փակ պահել Շարլ Հըլու – Պէյրութ մայրուղին` երկու կողմերով:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք անդրադառնալով Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն պահանջին յայտնեց, որ եթէ անոնց պահանջը կառավարութեան յաջորդ նիստին ընթացքին չվաւերացուի, ինք պիտի բացայայտէ այդ օրակարգը խանգարող կողմերը:

«Հանրապետութեան Համար»

Քաղաքացիական ընկերութեան «Հանրապետութեան համար» շարժումը երէկ ելեւմուտքի նախարարութեան պատկանող Յաւելուած արժէքի տուրքի կեդրոնին դիմաց կատարեց բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին շարժումի նախագահ Մարուան Մաալուֆ յայտարարեց, որ իրենք ծրագրած են Լիբանանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն համար դրամահաւաքի միջազգային արշաւ մը կատարել. անոնք ճշդեցին նաեւ հանգանակութիւն կատարելու յատուկ կայք մը եւ Կեդրոնական դրամատունէն, ԷՍՔՈՒԱ-էն եւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրէն պահանջեցին ֆինանսաւորել քաղաքապետական ընտրութիւնները:

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «Երեք Ամիսէ Ի Վեր Մենք Կը Պատրաստուինք Քաղաքապետական Ընտրութիւններուն»

Յաջորդը

Ազրպէյճանն Ու Հունգարիան Սաֆարովի Գործով ՄԻԵԴ-ի Հարցերուն Պէտք Է Պատասխանեն Մինչեւ 12 Մայիս

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.