Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԽԽՎ-ի Բանաձեւին Մէջ Ազրպէյճանը Ներկայացուած Է Իբրեւ Բռնաճնշող Երկիր

February 2, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

PACE_020116

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) յունուարեան նստաշրջանին մէջ անդամ երկիրներու մէջ իրաւապաշտպաններու վիճակին առնչուած բանաձեւ որդեգրած է: Փաստաթուղթին մէջ Ազրպէյճանը ներկայացուած է իբրեւ իրաւապաշտպաններու դէմ բռնաճնշում իրագործող պետութիւն:

Ազրպէյճանական «Ազատլըգ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիրներուն մէջ իրաւապաշտպաններու դերն ու պաշտպանութեան ուժեղացումը» բանաձեւին մէջ` հիմնուելով Խորհրդարանական վեհաժողովի 2009-ի եւ 2012-ի Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիրներուն մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու վիճակին վերաբերեալ թիւ 1660 եւ 1891 բանաձեւերու, իրաւապաշտպաններու վիճակի բարելաւման վերաբերեալ Նախարարներու կոմիտէի 6 փետրուար 2008-ին որդեգրած պատմական յայտարարութեան եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու իրաւական կարգավիճակին հետ կապուած յանձնարարականներու վրայ, վեհաժողովը նշած է, որ շարք մը երկիրներու մէջ, ներառեալ` Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ մէջ իրաւապաշտպաններու դէմ բռնաճնշումներու ուժեղացումը մտահոգութիւն կը յառաջացնէ, մտահոգութիւն ստեղծող ազդանշաններ կան նաեւ Վրաստանի մէջ:

Վեհաժողովը այդ երկիրներուն կոչ ուղղած է զերծ մնալու իրաւապաշտպաններու նկատմամբ սպառնալիքներէն եւ բռնաճնշումներէն, յատկապէս, ֆիզիքական յարձակումներէն, ապօրինի ձերբակալութիւններէն, վարչական կամ դատական հետապնդումներէն, բնական պայմաններ ստեղծելու իրաւապաշտպաններու գործունէութեան եւ պաշտպանութեան համար, խուսափելու անոնց գործունէութիւնը եւ ելեւմտական օգնութիւնները սահմանափակող օրէնքներու որդեգրումէն, անոնց դէմ վարկաբեկիչ արշաւներէն, աշխուժօրէն աջակցելու քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման, համերաշխութիւն ցուցաբերելու մարդու իրաւունքները պաշտպանող կազմակերպութիւններու եւ անձերու նկատմամբ վերաբերմունքին մէջ:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին Ատկացուցած Է 3,5 Միլիոն Եւրօ

Յաջորդը

Ըստ «Քոմերսանթ»-ի. Գորշ Գայլերը Կրնան Մեղսակից Ըլլալ Սինայի Մէջ Ռուսական Օդանաւի Ջախջախման

RelatedPosts

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»

January 22, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Առանց  Նախապայմաններու Բանակցելու Ուքրանիոյ Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Մոսկուայի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

January 22, 2026
Պարրաք. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու` Իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Գլխաւոր Ուժ Դերակատարութիւնը Վերջ Գտաւ
Միջազգային

Պարրաք. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու` Իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Գլխաւոր Ուժ Դերակատարութիւնը Վերջ Գտաւ

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.