Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Միջնորդութիւն` Անգարայի Եւ Գահիրէի Միջեւ. Անգարան Ու Ռիատը` Ընդդէմ Թեհրանի

February 1, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Turk-Saudi_013116

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Ռիատի մէջ իր սէուտցի պաշտօնակից Ատել Ժուպէյրի հետ հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի  մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Իրան պէտք է հրաժարի շրջանին մէջ իր յարանուանական քաղաքականութենէն»` նշելով. «Մենք կ՛աջակցինք Սուրիոյ տագնապը լուծելու սէուտական ջանքերուն»:

Չաւուշօղլու ըսաւ, որ «պէտք է վերցնել սուրիացիներու պաշարումը: Մենք կը զօրակցինք զինադադարի հաստատման եւ Սուրիոյ մէջ կարօտեալներուն մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրման»` աւելցնելով. «Կարգ մը երկիրներ փորձեցին տկարացնել «Ժընեւ-3»-ի մասնակից սուրիական ընդդիմութեան պատուիրակութիւնը` անոր միացնելով ահաբեկչական կազմակերպութիւններ»: Ան շեշտեց, որ Թուրքիան կ՛աջակցի սուրիական ընդդիմութեան եւ ժողովին մէջ անոր պահանջներուն:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիան Անգարայի եւ Գահիրէի մերձեցման համար ներկայացուցած է գաղափարներ:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր իր կարգին յայտնեց, որ թուրք պաշտօնատարներուն հետ քննարկած է «շրջանային թղթածրարներ, ինչպէս նաեւ իրանեան թշնամական արարքներն ու այդ արարքներուն դէմ դնելու կարելիութիւնները»:

Ան իր գնահատանքը արտայայտեց սուրիական ընդդիմութեան աջակցող Թուրքիոյ կեցուածքին համար` նշելով, որ «Ժընեւ-3»-ի մէջ պէտք է ընդդիմութեան պահանջած երաշխիքները իրականանան:

Սէուտական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը ՄԱԿ-էն ստացած է գրաւոր երաշխիքներ, որոնք նշուած են Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 որոշումին մէջ: Ան յայտարարեց, որ «մենք անհրաժեշտ աջակցութիւնը կը տրամադրենք սուրիական ընդդիմութեան, իսկ Պաշշար Ասատ ապագայ Սուրիոյ մէջ որեւէ դերակատարութիւն կամ ապագայ պիտի չունենայ»` աւելցնելով. «Մենք կ՛աջակցինք սուրիական ընդդիմութեան կեցուածքին` բանակցիլ ընտրէ կամ ոչ»:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ Ռիատ իր այցելութիւնը շատ կարեւոր էր: Ան յայտարարեց. «Անմեղները սպաննող սուրիական վարչակարգին ու ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ որեւէ տարբերութիւն չենք տեսներ»:

Ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ շրջանը կը դիմագրաւէ երկու վտանգ` առաջինը ահաբեկչութիւնը, իսկ երկրորդը` համայնքային եւ յարանուանական խտրականութեան քաղաքականութիւնը, որ կը կիրարկեն Իրանն ու ՏԱՀԵՇ-ը:

Նախորդը

Թրքական Ոստիկանութիւնը Պոլսոյ Մէջ Էրտողանի Կեցութեան Վայրին Մօտ Սպաննած Է Կասկածելի Մը

Յաջորդը

Մինչ Մոսկուա Կը Հերքէ. Էրտողան. «Մոսկուա Պիտի Ստիպուի Կրել Հետեւանքները, Եթէ Շարունակէ Ոտնահարել Թուրքիոյ Գերիշխանութիւնը»

RelatedPosts

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք  Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական  Գործողութիւնները Վերականգնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Կրնայ Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Ետք Իրանի Դէմ Լայնածաւալ Մարտական Գործողութիւնները Վերականգնել

October 1, 2026
Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ  Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով  Ահաբեկչական Արարք»
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ «Ֆլայ Տուպայ»-ի Դէպքը Կը Նկատէ Օդանաւը Վար Առնելու Նպատակով Ահաբեկչական Արարք»

October 1, 2026
«Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն Հետ  Մեր Յարաբերութիւնները Սերտ Են,  Եւ Ռուս Պաշտօնատարներու Հետ  Անոնց Հանդիպումներուն Իրազեկ Ենք»  Կ՛ըսէ Փենթակոն
Գլխաւոր լուրեր

Փենթակոն. «Ամերիկան Եւ Անոր Դաշնակիցները Պաշտօնապէս Աւարտեցին Իրաքի Մէջ «Ամուր Վճռակամութիւն» Գործողութիւնը»

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.