Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Կոմիտաս» Մասնաճիւղ. «Հայ Դաշնամուրային Արուեստի Պատմութիւն» Նիւթով Երաժշտական-Դասախօսական Երեկոյ

February 1, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

kamil-12_013116

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, ուրբաթ, 29 յունուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Նշան Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական-դասախօսական համերգ` «Հայ դաշնամուրային արուեստի պատմութիւն» նիւթով, զոր ներկայացուց Կամիլա Երկանեան- Քէշիշեանի:

Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղի վարչութեան անունով Նորայր Նաճարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Կամիլա Երկանեան- Քէշիշեանը, որմէ ետք հրաւիրեց զինք ներկայացնելու իր նիւթը:

Կամիլա Երկանեան- Քէշիշեան ներկայացուց կարգ մը երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններէն կտորներ` անդրադառնալով իւրաքանչիւրի կեանքին եւ ստեղծագործութիւններու կարեւորագոյն հանգրուաններուն:

Առաջին երաժշտահանը, որուն անդրադարձաւ դասախօսը, Արամ Խաչատուրեանն էր, որուն «Թոքաթթա»-ն նուագելէ ետք յայտնեց, որ Խաչատուրեան երաժշտական ամէնէն հռչակաւոր դէմքերէն մէկն է, որ իր ստեղծագործութիւններուն մէջ մեծ տեղ տուած է դաշնակին: Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան ներկայացուց Խաչատուրեանի կեանքը` թուելով անոր ստեղծագործութիւնները եւ ըսաւ, որ ան գրած է նաեւ շարժապատկերներու յատուկ 25 կտորներ: Ան նաեւ յօրինումներ կատարած է պատանի դաշնակահարներու համար:

Երկրորդ ականաւոր դէմքը, որ ներկայացուեցաւ դասախօսին կողմէ, երաժշտահան, մշակոյթի գործիչ, ժողովրդային արուեստագէտ Ալեքսանդր Սպենդիարեանն էր: 1916-ին Թիֆլիսի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը ծանօթանայ հայ մշակոյթին եւ երաժշտութեան, երբ կը հրաւիրուի Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած գաղթականներու նուիրուած համերգի մը: Այնուհետեւ կը հաստատուի Երեւան եւ իր առաքելութիւնը կ՛ըլլայ երաժշտական կեանքի ձեւաւորումն ու հաստատումը: Ապա Քէշիշեան նուագեց Սպենդիարեանի «Օրօրոցային»-ը, որմէ ետք Կոմիտասի յօրինած «Օրօրոցային»-ը, որուն դաշնամուրային մշակումը կատարած է Սարաճեան, ապա Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօրոցային»-ը, եւ բացատրեց, որ Սպենդիարեանի «Օրօրոցային»-ը ունի համամարդկային երաժշտական ոճ, իսկ Կոմիտասի եւ Կանաչեանի «Օրօրոցային»-ները հիմնուած են ազգային հայկական մեղեդիի վրայ: Ան անդրադարձաւ Գէորգի Սարաճեանի կեանքին եւ հայ դաշնամուրային արուեստի զարգացման մէջ անոր ունեցած ներդրումին: Սարաճեան նաեւ դաշնաւորած է աշուղական եւ ժողովրդային երգեր: Ապա Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան նուագեց Սայաթ Նովայի «Քամանչա»-ն:

Ռոպերթ Անդրէասեանի մասին խօսելով` Քէշիշեան ըսաւ, որ անոր երաժշտական գործունէութիւնը հայ դաշնամուրային մշակոյթի պատմութեան նշանակալի էջերէն մէկն է` աւելցնելով, որ Անդրէասեան առաջիններէն էր հայ երաժշտական ասպարէզին մէջ, որ հայ դաշնակահարական արուեստը դուրս բերաւ ժամանակակից դաշնակահարական լայն ասպարէզ` ծանօթացնելով հայ դաշնակահարական դպրոցի պատմաժանրութեան եւ տարբերութիւններուն: Ապա ան մեկնաբանեց Կոմիտասի «Ծիրանի ծառ»-ը` Անդրէասեանի դաշնաւորումով:

Այնուհետեւ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան նուագեց հայկական ժողովրդային պարերու եղանակներու փունջ մը` «Նազ պար», «Մարտունիի քոչարի», «Նազելի», «Շալախօ», որոնց դաշնամուրային մշակումը կատարած էր Էդուարդ Պաղտասարեան: Ան նկատել տուաւ, որ հայ երաժիշտներ մեծ թիւով պարային երաժշտութիւն յօրինած են` հարստացնելով դաշնամուրային ժամանակակից եւ դասականացած ստեղծագործութիւններու ցանկը:

Մեծանուն երաժշտահան Էդուարդ Աբրահամեանին անդրադառնալով` Քէշիշեան յայտնեց, որ ան բազում դաշնամուրային ստեղծագործութիւններու հեղինակ է եւ անոր ստեղծագործութիւններուն հիմքը ազգային մեղեդին է: Ապա Քէշիշեան նուագեց  Աբրահամեանի  24 «Փրելիւտ»-ներու շարքէն մէկը:

Յաջորդ երաժշտահանը, որ ներկայացուեցաւ Առնօ Պապաճանեանն էր, որ բացառիկ տաղանդաւոր եւ իր սերունդի լաւագոյն դաշնակահարը եղած է` յօրինելով շարք մը դաշնամուրային ստեղծագործութիւններ: Ապա Քէշիշեան նուագեց Պապաճանեանի «Փրելիւտ»-ը, որմէ ետք Էդուարդ Միրզոյեանի «Տխուր վալս»-ը` շեշտելով, որ Միրզոյեան դաշնամուրային ստեղծագործութիւններու կողքին հեղինակ է նաեւ սենեկային երաժշտութեան:

Վերջին երաժշտահանը, որուն անդրադարձաւ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան, Յարութիւն Տէլալեանն էր, որուն անուան հետ առնչուած է հայ դաշնամուրային արուեստի արդի նուաճումներու ոլորտը: Քէշիշեան յայտնեց, որ անոր «Նուիրում Կոմիտասին» սոնատը, որ գրուած է 1982-ին, ուրոյն նշանակութիւն ունի իրեն համար: Կոմիտասի ոդիսականին ընդմէջէն Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան մասին է սոնատը, որուն ընթացքին Կոմիտաս իր ամբողջ կերպարով իր ոգեղէն ներկայութիւնը կը պարտադրէ սոնատի ամբողջ ընթացքին: Ապա Քէշիշեան նուագեց «Նուիրում Կոմիտասին» սոնատը:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները մեծապէս գնահատեցին Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանի կատարումները եւ շնորհաւորեցին զինք` մաղթելով նորանոր նուաճումներ:

 

 

Նախորդը

Հարցազրոյց Դոկտ. Վիգէն Չթըրեանի Հետ

Յաջորդը

Սրբապատկերներու Օծում` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.