Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երգչուհի Եւ Մշակոյթի Նուիրեալ Սիլվա Չիլինկիրեան

January 30, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Silva_Tchilingirian_013016Սիլվա Չիլինկիրեան, որ ծանօթ էր իր հայկական ժողովրդական ու միջազգային երգերու ուրոյն մեկնաբանութեամբ, իր մահկանացուն կնքեց անցեալ շաբաթ, Լոս Անճելըսի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Հասակ առած էր Լիբանանի մէջ` մշակոյթ ապրող եւ քաջալերող ընտանիքի մը մէջ: Անցած էր արուեստագէտի մը վերապահուած բոլոր հանգրուաններէն եւ գտած` իր մեկնաբանութեան իւրայատուկ ոճը: Ձայնամարզութեան եւ երաժշտական նախնական  կրթութիւնը ստացած էր Լիբանանի պետական երաժշտանոցին մէջ եւ ապա` Միացեալ Նահանգներու մէջ: Հետեւած էր թատրոնի եւ պարարուեստի դասընթացքներու` Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանին մէջ:

Ելոյթներ ունեցած էր ուսանողական տարիներէն: Սիլվան հանդէս եկած էր Լիբանանի, Սուրիոյ, Ֆրանսայի, Աւստրալիայի եւ Ամերիկայի տարբեր քաղաքներուն մէջ: Իր բազմալեզու էսդրատային ու ժողովրդական երգերը ներկայացուած են շարք մը խտասալիկներով:

Սիլվային համար երաժշտութիւնը իր կեանքն էր:  Մարդկային զգացումները, տրամադրութիւնները, ինչպէս նաեւ կեանքն ու բնութիւնը կը կենդանանային իր մեկնաբանութեան հմայիչ արտայայտութիւններով, ինչպէս իր ելոյթներն ու խտասալիկները կը վկայեն:

Գրող եւ բանաստեղծ Պէպօ Սիմոնեանը Սիլվային երգարուեստը այսպէս բնութագրած էր. «Խօսք, երաժշտութիւն եւ երգային մեկնաբանութիւն հաւասարազօր կշռոյթով կը յատկանշուին եւ ունկնդիրը կ’առնեն իրենց թախծօրօր թաւալումին մէջ:  Քնարական թախիծով երգուած երգերը վայելք են»:

Անսակարկ սիրով, գուրգուրանքով ու անսահման բարութեամբ ապրեցաւ իր կեանքը, բայց մնաց միշտ քաջ ու տոկուն` բոլոր մարտահրաւէրներուն դիմաց: Իր անհուն նուիրումով հասաւ բոլորին կարիքներուն` իր անմիջական ընտանիքէն սկսեալ մինչեւ գաղութի շատ մը մշակութային ու ընկերային պէտքերուն, բայց մանաւանդ` երիտասարդութեան ու մատղաշ սերունդին:

Ինչպէս իր «Առաջին սէր» խտասալիկին մէջ տեղ գտած Աւետիք Իսահակեանի բանաստեղծութեան վրայ յօրինուած «Ժայռի նման» երգին մէջ Սիլվան ապրումով կ՛ըսէր` «Կենսական ծովի յոյզերի միջին / Ես ժայռի նման կանգնած եմ ամուր»: Իր ժայռանման հաւատքով, լաւատեսութեամբ ու առատաձեռնութեամբ ամէնուն բաշխեց, ինչ որ կեանքը պարգեւած էր իրեն:

«Յաւիտենական յիշատակն արդարոց` օրհնութեամբ եղիցի»: Որքան այս հնաւանդ խօսքերը պատշաճ են Սիլվային:

 

Նախորդը

Արջը Եւ… Թուրքը

Յաջորդը

Անսակարկ Նուիրեալը Եւ Վեհոգի Հայը. Յակոբ Սրկ. Պոյաճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.