4 փետրուարին ՖԻՖԱ-ն պիտի հրապարակէ աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորումը:
Գրեթէ հաստատուած իրողութիւն է, որ նոր դասաւորման մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը չորս դիրքի նահանջ մը արձանագրելով պիտի գրաւէ 125-րդ դիրքը:
Այժմ Պելճիքա կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, մինչ լաւագոյն եռեակը յաջորդաբար կ՛ամբողջացնեն Արժանթին եւ Սպանիա:
Այժմ Պրազիլ 6-րդ է, իսկ Անգլիա` 9-րդ:


