
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամունի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ շեշտեց, որ 8 փետրուարի նախագահական ընտրութեան նիստը քաղաքական բոլոր ուժերուն համար քննութիւն մըն է, իսկ թեկնածուները պէտք է փաստեն, որ իրենք արժանի են երկրին իշխանութիւնը ստանձնելու:
Ժեմայէլ ընդգծեց, որ կարեւորագոյնը երկրին հաստատութիւններուն աշխատանքին հեզասահ ընթացքն է, ինչպէս նաեւ երկրին սահմանադրութեան եւ ժողովրդավարութեան նկատմամբ յարգանքը:
«Ոչ ոք կրնայ մեզի պարտադրել ընտրելու թեկնածու մը, որուն նպատակներուն ծանօթ չենք», շեշտեց Ժեմայէլ:


