Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԻՋԹԵՄԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

September 5, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Երիտասարդական հանդիպումէն պահ մը

1 – 2 սեպտեմբեր Պիքֆայայի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ միջթեմական երիտասարդական հանդիպում` կազմակերպութեամբ ու հրաւէրով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին: Սոյն հանդիպումը կը հետապնդէր երկու նպատակ`  ա) մօտէն տեղեակ դառնալ թեմերուն մէջ հայ եկեղեցւոյ կատարած աշխատանքներուն` երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքին մէջ աւելիով ներառելու իմաստով, եւ բ) իմանալ թեմերու ակնկալութիւնները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն` երիտասարդութեան դերը աւելի աշխուժացնելու իմաստով:

Իր բացման պատգամին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս լայնօրէն անդրադարձաւ ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ երիտասարդութեան առանցքային ներկայութեան ու գործօն դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն: Ապա վեհափառը լայնօրէն խօսեցաւ հայ ազգի ու եկեղեցւոյ կեանքին մէջ երիտասարդութեան վերապահուած դերակատարութեան մասին` ընդգծելով երիտասարդներուն հետ երկխօսութիւն ունենալու, անոնց տագնապներուն ու սպասումներուն մօտէն հաղորդ դառնալու եւ համայնքային կեանքին մէջ երիտասարդութեան լայն տեղ տալու անհրաժեշտութիւնը:

Խորհրդակցական հանդիպումի առաջին նիստին, կաթողիկոսարանի Երիտասարդաց բաժանմունքի վարիչ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան բացատրեց ներկայ միջթեմական խորհրդակցական հանդիպման նպատակն ու կարեւորութիւնը: Ապա խօսք առին յիշեալ բաժանմունքի յանձնախումբի անդամները` միշտ շեշտելով երիտասարդութեան կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ հրաւիրելով երիտասարդները, որ աւելի գործօն մասնակցութիւն բերեն հայ եկեղեցւոյ ու համայնքային կեանքին:

Ապա երկու օրերու ընթացքին թեմերը ներկայացնող երիտասարդները զեկուցում տուին իրենց թեմերուն մէջ կատարուող աշխատանքներուն մասին: Իւրաքանչիւր զեկուցումի յաջորդեց հարց-պատասխան, եւ այս ձեւով ներկաները տեղեակ դարձան թեմերուն մէջ  կատարուող աշխատանքներուն ու երիտասարդութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

Խորհրդակցական հանդիպման վերջին նիստը յատկացուած էր արժեւորումի, որուն ընթացքին ներկաները իրենց դրական արտայայտութիւնները ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ կատարուող աշխատանքներուն եւ յատկապէս երիտասարդութեան նկատմամբ վեհափառին ցուցաբերած յատուկ հոգածութեան համար: Խորհրդակցական հանդիպումը եզրափակելով իր ժողովական աշխատանքները` կարեւորութեամբ շեշտեց հետեւեալ կէտերը.

1) Անհրաժեշտ է ամէն միջոցներով շեշտել ու յիշեցնել, թէ երիտասարդութիւնը կոչուած է կարեւոր դերակատարութեան մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ:

2) Անհրաժեշտ է մօտէն հետեւիլ երիտասարդութեան դիմագրաւած հրատապ հարցերուն ու լուծման առաջնորդող ճամբաներ գտնել:

3) Երիտասարդական նման հանդիպումներ կազմակերպել թէ՛ թեմական եւ թէ՛ միջթեմական մակարդակներու վրայ` կազմակերպութեամբ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին:

4) Մնայուն կապ հաստատել թեմերու երիտասարդաց բաժանմունքներու ու միութիւններու եւ կաթողիկոսարանի Երիտասարդական բաժանմունքին հետ` տեղեկութիւններ փոխանցելու, խորհրդակցութիւններ ունենալու եւ իրարու ծրագիրներուն աջակցելու հեռանկարով:

5) Յատուկ կայք մը ստեղծել երիտասարդական հարցերով զբաղող, թէ՛ թեմերու եւ թէ՛ կաթողիկոսութեան պաշտօնական կայքէջերուն վրայ:

Թեմերէն եկած երիտասարդները ժողովական աշխատանքներուն առընթեր նաեւ առիթ ունեցան մօտէն հաղորդ դառնալու ընդհանրապէս կաթողիկոսարանի եւ յատկապէս դպրեվանքի կեանքին:

Նախորդը

ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ ՀԱՄԱԽՄԲԵՑ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏՑԻՆԵՐԸ ԵՒ ՍՏԵՂԾԵՑ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Յաջորդը

ՆԱԽԱՐԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.