Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Կը Քննադատէ Լիբանանը Իր Արաբականութենէն Զրկող Եւ Օտարացնող Արարքները, Իսկ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Պատասխանէ

January 23, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սաատ Հարիրի
Սաատ Հարիրի

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ խստիւ դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունեցած Իսլամական համագումարին ընթացքին Լիբանանի որդեգրած կեցուածքը` զայն որակելով արաբականութենէ զուրկ եւ օտարացնող արարք մը:

Հարիրիի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի որդեգրած պաշտօնական կեցուածքը լիբանանցիներուն մեծամասնութեան կարծիքը չ՛արտայայտեր եւ երկրորդ անգամ ըլլալով կը խզէ Սէուտական Արաբիոյ զօրակցութիւն յայտնելու արաբական համախոհութիւնը:

«Լիբանանը օտարացնող այս կեցուածքը լիբանանեան ազգային որոշումին տիրելու չար փորձ մըն է, որ կը հարուածէ Լիբանանի գերագոյն շահերը», շեշտեց Հարիրի:

Արտաքին Գործոց Նախարարութեան
Հաղորդագրութիւնը

Սաատ Հարիրիի յայտարարութիւններուն իբրեւ պատասխան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունեցած Իսլամական համագումարի նիստին ընթացքին Լիբանանի կողմէ որդեգրուած կեցուածքը համապատասխան էր Արաբական լիկայի նիստին ընթացքին երկրին որդեգրած կեցուածքին:

«Լիբանանի որդեգրած կեցուածքը կը բխի ինքզինք շրջանային տագնապներէն զերծ կացուցելու Պէյրութի պաշտօնական քաղաքականութեան, որ կ՛երաշխաւորէ երկրին ազգային միասնականութիւնը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դարձեալ դատապարտեց Իրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դէմ գործուած յարձակումն ու բռնութիւնները:

ՆՇԵՆՔ, որ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Հարիրիի այս յայտարարութիւնները կը ջնջեն անոր կողմէ ազգային միասնականութեան կառավարութեան նախագահելու բոլոր առիթներն ու հաւանականութիւնները:

 

 

Նախորդը

Ամերիկեան Եւ Ֆրանսական Զինուորական Պատուիրակութիւններ Կը Խոստանան Զօրակցիլ Լիբանանեան Բանակին

Յաջորդը

Այսօր Լիբանան Պիտի Դիմաւորէ «Թալասա»-ն, Որ Առատ Ձիւն Կը Խոստանայ

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.