ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ատակ քաղաքական կողմը չէ այս կամ այն անձնաւորութեան թեկնածութիւնը առաջադրելու նախագահական ընտրութեան: «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պատմութիւնը չ՛արտօներ, որ ան այդ մէկը կատարէ», ըսաւ ան:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիայի հետ: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ կառավարութեան գործունէութեան աշխուժացումը կ՛ենթադրէ ազգային շահերը անձնական շահերէն գերադաս նկատել:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ ոչինչ կ՛արգիլէ, որ նախագահական աւելի քան մէկ թեկնածու ըլլայ: Կարեւորը անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ երկիրը կարիք ունի փրկարար աշխատանքի` աւելցնելով, որ իրենք կարիքը ունին հանրապետութեան նախագահի մը, որ լիբանանեան «արտադրութիւն» ըլլայ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքը իր ընթացիկ նիստը պիտի գումարէ վաղը` հինգշաբթի, 21 յունուարին, քննարկելու համար լիբանանեան քաղաքական վերջին զարգացումները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ իրենց յարաբերութիւնները լաւ են` աւելցնելով, որ նախանցեալ օրուան զօր. Աուն-Ժահժահ հանդիպումը ոչ ոք թիրախ կը դարձնէ:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան առաջադրումը պատասխան է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան առաջադրումին:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, հաւանական է, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի 14 փետրուարին պաշտօնապէս յայտարարէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ իրենք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ իրենց յարաբերութիւնները բարելաւելու ընթացքին մէջ են` աւելցնելով, որ այդ ջանքերը պիտի շարունակուին համաձայնութիւնը ընդարձակելու եւ զայն վերածելու համախոհութեան:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ ներկայ հանգրուանին տրուելիք լաւագոյն պատասխանը լռութիւնն է եւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով չաճապարելը` Լիբանանեան ուժերուն կողմէ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը առաջադրելու լոյսին տակ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սաատ Հարիրի վարչապետի պաշտօնի իրենց թեկնածուն է, «իսկ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան առաջադրումը մէկու մը ուղղուած ապտակ չէ», աւելցուց ան:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ հանդիպումը այս կամ այն կողմը ջնջելու նպատակով չէ, այլեւ` թերութիւնները սրբագրելու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ Ալի Խրէյս շեշտեց, որ իրենք համաձայն պիտի գտնուին մարոնի համայնքի չորս ղեկավարներուն միջեւ գոյանալիք համախոհութեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիպքին հաստատեց, որ Մոսկուա կը զօրակցի Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ յանձնառու կը մնայ անոր ներքին հարցերուն միջամուխ չդառնալու իր կեցուածքին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը առաջադրելու քայլը Հըզպալլան նեղ կացութեան պիտի մատնէ` նկատի ունենալով, որ Հըզպալլայի նպատակը նախագահական ընտրութիւններուն յետաձգումն է:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը պիտի չուշանան քրիստոնէական կոչին անսալու:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի շեշտեց, որ Իրան միշտ պատրաստ եղած է ու պիտի մնայ` մասնակցելու շրջանային հարցերու լուծման:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնները ամբողջ մարոնի համայնքը չեն ներկայացներ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա նախկին նախարար Միշել Սմահան Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու շարքերուն պիտի չվերադարձնէ:
ԱՅՆ Թինէի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի շարունակէ զօրակցիլ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ 28 յունուարին Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք Հոլլանտ-Ռուհանի հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուի նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:


