
Լիբանան ապրեցաւ բաւական տաք շաբաթավերջ մը, թէ՛ կլիմայի եւ թէ՛ իրադարձութիւններու առումով:
Իրադարձութիւնները կեդրոնացան զանազան շրջաններու մէջ` հիմնականին մէջ դրսեւորուելով իբրեւ բողոքի ցոյցեր:
Քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչները շաբաթ կէսօրէ առաջ խորհրդանշական ցոյց մը կատարեցին Քարանթինայի աղբի զտարանին դիմաց` պահանջելով պետութենէն չխաբել ժողովուրդը, այլ` բացայայտել Լիբանանի աղբը հիւրընկալող երկրին կամ աղբերը դուրս բերող ընկերութեան անունը: Այս պահանջը կու գար «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք»-ի եւ «Հոտերնիդ ելաւ»-ի այն համոզումէն, որ կառավարութիւնը կը խաբէ լիբանանցիները` աղբերը երկրէն դուրս հանելու իմաստով:
Շաբաթավերջի առաջին այս ցոյցին յաջորդեցին իսլամական բանտարկեալներուն հարազատներուն կատարած ցոյցերը, որոնք կատարուեցան Աքքարի, Պիրէի, Քըպէյյաթի, Թրիփոլիի, Մինայի եւ այլ շրջաններու մէջ:
Այս պարագային ցուցարարները հրկիզուած անիւներով փակեցին ճամբաները` մերժելով նախկին նախարար Միշել Սմահան ազատ արձակելու որոշումը եւ պահանջելով, որ իրենց զաւակները եւս ազատ արձակուին:
Եւ որովհետեւ հարց ունեցող լիբանանցին կը վազէ փողոց, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպի հարազատները իրենց կարգին շարունակեցին բողոքի իրենց արտայայտութիւնը եւ իբրեւ մագլցողական քայլի առաջին արտայայտութիւն փակեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան, ուր բախումներ արձանագրուեցան իրենց եւ բանակին միջեւ` նկատի ունենալով, որ վերջինս կ՛աշխատէր բանալ այդ ճամբան:
Եաագուպի հարազատներն ու համակիրները կոչ ուղղեցին պատասխանատուներուն վերջ տալու անոր թղթածրարին քաղաքականացման:
Միւս կողմէ, փողոցը շարժելու իբրեւ արտայայտութիւն ինքզինք պարտադրեց նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը` կազմակերպելով լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ իր ներքին ընտրութիւնները, որոնք կատարուեցան համամասնական դրութեամբ:
Այս ընտրութիւններուն ընդմէջէն կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ կոչ ուղղեց վերջ տալու պաշտօնավարութեան երկարաձգումներուն` հաստատելով ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Մինչ Ազգային ազատ հոսանքը կը կատարէր իր ընտրութիւնները` ընդգծելով ժողովրդավարութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ այսօր երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Մեհրապի մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին կը նախատեսուի, որ ան իր վերջնական կեցուածքը յայտնէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը առաջադրելու առումով:
Ոչինչ կ՛արգիլէ, որ այս շաբաթ եւս շարունակուի երկրին մէջ տիրող այս ընթացքը:
Օրինակի համար, Սմահայի ազատ արձակումը մերժող հիմնական ցոյց մը պիտի կատարուի այսօր երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Թրիփոլիի «Սալամ» մզկիթին դիմաց, կազմակերպութեամբ` Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու երիտասարդական թեւին: Ցոյցին պիտի միանայ նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան երիտասարդական թեւը:
Բայց եւ այնպէս կայ հիմնական մէկ այլ իրականութիւն, որ այսօր Լիբանան պիտի հասնի «Ուրսուլա»-ն: Ըստ քաղաքացիական օդանաւորդութեան օդերեւութաբանական գրասենեակին, ան պիտի գայ Իտալիայէն եւ իրեն հետ պիտի բերէ տեղատարափ անձրեւներ եւ սաստիկ ցուրտի ալիք մը:


