Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Առանց Սուրիոյ` Արաբական Համախումբ Ճակատ Մը Պատրանք Մըն Է

January 18, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Սուրիա բաբախուն սիրտն է արաբականութեան: Սուրիոյ մէջ կ՛որոշուի արաբականութեան վախճանը կամ վերազարթնումը, որովհետեւ արաբական համախումբ ճակատի մը ստեղծումն ու պահպանումը պայմանաւորուած է Սուրիոյ բազմազանութեան շնորհիւ ունեցած յատուկ դերակատարութեամբ, որմէ զուրկ են արաբական միւս երկիրները: Ապտել Նասեր քաջ գիտակցած էր այս պատմական իրականութեան եւ աճապարեց իրականացնելու առաջին արաբական միութիւնը Սուրիոյ հետ: Եւ այսօր Սուրիոյ մէջ եւ շուրջ ընթացող համաշխարհային պատերազմի ելքէն կախեալ է ո՛չ միայն Սուրիոյ  ապագան, այլ նաեւ` արաբականութեան:

Երբ այսօր դիտենք արաբական աշխարհի համայնապատկերը, կը տեսնենք, որ Լիպիոյ, Թունուզի, Ալճերիոյ, Եգիպտոսի եւ Եմէնի ներքին տագնապներէն շատ աւելի քաշողականութիւն ունի Սուրիոյ մէջ եւ շուրջ ընթացող պատերազմը` արաբ թէ օտար տէրութիւններուն համար, եւ այդ պատերազմը զգեցած է համաշխարհային համեմատութիւններ:

Եւ այն յուսալքիչ պահուն, երբ կը թուէր, թէ արաբական տէրութիւններէն մեկուսացուած Սուրիան անկումի անդունդի եզրին հասած է, հակառակ Իրանի եւ Հըզպալլայի օգնութեանց, եւ վերածուած է «ձախողած պետութեան»… չուշացաւ Փութինի առաջնորդած ազգային (եւ ոչ թէ Ելցինի ղեկավարած ապազգային եւ ամերիկանացած) Ռուսիոյ կորովի միջամտութիւնը Սուրիոյ կողքին` քաջ գիտակցելով տարածաշրջանին մէջ Սուրիոյ դերին: Այսպիսով, Սուրիա դարձաւ այն երկիրը, որ բացայայտեց տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան ազդեցութեան մայրամուտն ու ռուսական ազդեցութեան արշալոյսը: (Զուտ մեր հայկական շահերէն մեկնելով` մենք կ՛ողջունենք Ռուսիոյ եւ Իրանի ազդեցութեանց զօրացումը տարածաշրջանին մէջ, որովհետեւ այս երկու տէրութիւնները միակ եւ հզօր պատուարը կը հանդիսանան Էրտողանի նորօսմանական եւ փանթուրքական ախորժակներուն դէմ, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ Արեւելահայաստանի լինելութիւնը):

Նոյնինքն Էրտողանի Թուրքիան, օգտուելով Պաշշար Ասատի պատմական մեծ սխալէն, կրցաւ մերձենալ Սուրիոյ եւ այդպիսով իր առջեւ բաց գտաւ ճանապարհը` բացուելու արաբական աշխարհին եւ շահելու անոր վստահութիւնը, որովհետեւ արաբական աշխարհը չէ մոռցած դարաւոր օսմանեան լուծը եւ դէմ պիտի գար Թուրքիոյ նորօսմանական ծաւալումին:

Բայց երբ Էրտողանի Թուրքիան շրջադարձ կատարեց Սուրիոյ դէմ, արաբական աշխարհը, փոխանակ Սուրիոյ կողքին կանգնելու, Արաբական լիկայով միասին կանգնեցաւ Սուրիոյ դէմ` զինակցելով Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի… հաւանաբար կարծելով, թէ Սուրիոյ անկումով արաբական ուրիշ տէրութիւն մը (Սէուտական Արաբիան) կը տիրապետէ Սուրիոյ: Արաբական շրջադարձը Սուրիոյ դէմ արաբականութեան տրուած մեծագոյն հարուածը հանդիսացաւ` զօրացնելով ամերիկեան-սիոնական թշնամին եւ Թուրքիան: Սակայն Սուրիոյ դէմ իր շրջադարձով Էրտողանի Թուրքիան վտանգեց իր ներքին կայունութիւնը եւ ներքին վիճակը մատնեց աննախընթաց վատթարացումի:

Միջազգային վերլուծաբաններու կարծիքով, եթէ Իրան, որ արդէն յաջողած էր ազդեցիկ ներկայութիւն դառնալ Իրաքի մէջ, եթէ նաեւ յաջողած չըլլար ազդեցիկ ներկայութիւն դառնալ Սուրիոյ մէջ (նաեւ` Լիբանանի, Հըզպալլա) պիտի չյաջողէ՞ր Արեւմուտքէն խլել միջուկային համաձայնութիւնը` ի հեճուկս Իսրայէլի…

Սուրիա ամերիկեան-սիոնական ապազգային բեւեռին դէմ յստակ դիրքորոշում պահպանելով` շահեցաւ երկու հզօր դաշնակիցներ` Ռուսիան, Փութինի ղեկավարած ազգային Ռուսիան, եւ Իրանը, որոնց աջակցութիւնը Սուրիոյ` հակակշռեց ամերիկեան-սիոնական-փանթուրք-սէուտական նախայարձակումը եւ պահպանեց Սուրիան:

Հոս հարկ է վերյիշել այն իմաստուն ու իրատես թելադրութիւնը, որ Էդիկ Յովհաննիսեան կատարած էր Արեւելահայաստանի նորաթուխ իշխանաւորներուն, որոնք կը խաղային եւ մինչեւ այսօր կը խաղան երկու լարի վրայ` ամերիկեան եւ ռուսական, վերապահութիւններ յառաջացնելով մեր բնական դաշնակից Ռուսիոյ ղեկավարութեան մօտ: Էդիկ Յովհաննիսեան 1993-ին «Դրօշակ»-ի մէջ «Ո՞ւր ենք գտնւում մենք» խորագիրին տակ կը գրէր հետեւեալը. «Դաշնակիցներ շահելու համար մենք պէտք է ունենանք քաղաքական յստակ դիրքորոշում եւ չասել այն ապսիւրտը, թէ մենք հիմա անկախ ենք եւ լաւ յարաբերութիւնների մէջ ենք եւ գործակցում ենք թէ՛ ամերիկացիների եւ թէ՛ ռուսների հետ: Պէտք է գիտակցել, որ միայն Ռուսաստանի ազգային շահերի ոլորտում է, որ Հայաստանը որոշ հետաքրքրութիւն է ներկայացնում: Եւ Ելցինի ամերիկանացած ու ապազգային Ռուսաստանի համար Հայաստանը ոչ մի հետաքրքրութիւն չի ներկայացնում: Մեզ չխաբենք` ասելով, թէ հիմա անկախ ենք եւ կարող ենք սեփական ուժերով պաշտպանել մեր հայրենիքը: Աշխարհը շարժւում է դէպի ազգային կառոյց: Հաւանաբար մօտիկ ապագայում Չինաստանը, Ճափոնը, Գերմանիան եւ Ռուսաստանը դառնան ազգային բեւեռի պաշտպաններ եւ ջախջախիչ հարուած տան ամերիկեան-սիոնական ապազգային բեւեռին: Ազգային բեւեռի յաղթանակը անխուսափելի է, քանզի ապազգայնացուած աշխարհը սուզուել է անբարոյականութեան ծովում, որից յետոյ կը խորտակուի վերջնականապէս: Հետեւաբար մեր ներկայ կացութիւնը ստիպած է մեզ` կանգնել պատնէշի ազգային կողմում կանգնած բանակի շարքերում»: Ուրեմն եւ այսօր` Փութինի առաջնորդած ազգային Ռուսիոյ բեւեռին կողքին:

Մինչդեռ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛որդեգրէ Եւրոպայի «Վենետիկեան յանձնախումբ»-ին պարտադրած սահմանադրական փոփոխութիւնները, քանի որ ձեռնտու է իրեն, բայց արդեօ՞ք եւրոպական արժէքները եւ այդ փոփոխութիւնները կը պահպանեն Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային պետութեան բնութագիրը…

Դեկտեմբեր 2015

Նախորդը

Կաղանդ

Յաջորդը

Խմբագրական «Յուսաբեր»-ի. Աշխուժացնե՛լ Հանրային Կեանքը

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.