Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունուար 1858-ին Լոյս Տեսաւ «Հիւսիսափայլ»-ը` Արեւելահայ Զարթօնքի Հիւսիսէն Փայլող Մամլոյ Լոյսը

January 18, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

hiusisapayl-13-1-2016Ո՛չ պատահականօրէն ըսուած խօսք է, ո՛չ ալ այդպէս` շռայլանքով տրուած գնահատական է շարունակ շեշտուող այն հաստատումը, որուն համաձայն, հայ մամուլը հիմնական դեր խաղացած է մեր ժողովուրդի լեզուամտածողութեան արդիականացումը, քաղաքակրթական ինքնահաստատումը եւ մշակութային կենսագործումը յառաջ մղելու, մշտանորոգ պահելու եւ նպատակասլաց հունով առաջնորդելու ազգակերտ գործին մէջ:

158 տարի առաջ,  13 յունուար 1858-ին, իր առաջին համարը հրատարակած «Հիւսիսափայլ»-ի օրինակը ինքնին բաւարար է, որպէսզի իր ամբողջական եւ ընդգրկուն իմաստով ու կարեւորութեամբ ընկալուի այն ճշմարտութիւնը, որ հայ մամուլը ամէնօրեայ դպրոցն է հայուն:

«Հիւսիսափայլ» թերթի անունին կցուած «Օրագիր ընդհանուր ազգային լուսաւորութեան եւ դաստիարակութեան» վերտառութիւնը լաւագոյնս կը խտացնէ բնաբանը, առաջադրանքն ու առաքելութիւնը Մոսկուայի մէջ հրատարակուած այս ամսաթերթին:

1858-էն սկսեալ մինչեւ 1862 անխափան հրատարակուելէ ետք, «Հիւսիսափայլ» երկու տարի լոյս չէ տեսած, 1864-ին վերահրատարակուած է եւ այնուհետեւ վերջնականապէս դադրած է: Բայց հինգ տարուան իր հրատարակութեամբ առաջացուցած է այնպիսի՛ ստեղծագործական շարժում եւ գաղափարական երկունք, որ առանց չափազանցութեան հիւսիսէն փայլող Զարթօնքի լոյսը դարձած է արեւելահայ գրականութեան եւ, ընդհանրապէս, լեզուամտածողութեան համար:

«Հիւսիսափայլ»-ի հրատարակութեան նախաձեռնեց Ստեփանոս Նազարեանց, որ փայլուն հրապարակագիր էր եւ հանդիսացաւ ոչ միայն արեւելահայ աշխարհաբարի մշակման եւ կատարելագործման դրօշակիրը, այլեւ` անվեհեր պաշտպանը հայ ժողովուրդին մէջ «հոգեղէն շարժողութիւն» առաջացնելու առաջադրանքին` իր հիմնած թերթին գլխաւոր առաքելութիւնը հռչակելով «իւրացնել եւրոպական մշակոյթը եւ զայն տարածել Ասիոյ մէջ, լինել Ասիայի համար մի լուսաւոր ճրագ»:

Ս. Նազարեանց առանձին չէր, իր կողքին ունէր յառաջդիմական մտածողութեան եւ տեսլականի տէր երիտասարդ մտաւորականներու կենսունակ խումբ մը, յատկապէս Միքայէլ Նալբանդեանի օրինակով նորանուն հեղինակութիւններ, որոնք «Հիւսիսափայլ»-ը վերածեցին բառին ամէնէն վաւերական իմաստով ստեղծագործական դարբնոցի: Գրական ու իմաստասիրական այդ դարբնոցը, միաժամանակ, շատ արագ հանրային լուսաւորութեան եւ ազգային զարթօնքի դպրոց դարձաւ 19-րդ դարու երկրորդ կիսու արեւելահայ իրականութեան մէջ:

Կարեւորութեամբ պէտք է նշել, որ «Հիւսիսափայլ»-ը ունէր իր հոգեմտաւոր ծնողը, որ Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանն էր, հիմնուած` 1814-ին: Արեւելահայ իրականութեան մէջ պատմական մեծ դեր խաղացած հանրային լուսաւորութեան եւ ազգային զարթօնքի այդ անկրկնելի ուսումնարանը սերունդ հասցուց եւ Ս. Նազարեանց, Միքայէլ Նալբանդեան, Րաֆֆի ու Ռ. Պատկանեան, «Հիւսիսափայլ»-ի իրենց ճառագայթող շողերով, Լազարեան Ճեմարանով սկսած արեւելահայոց զարթօնքի շարժումը յաղթական իր աւարտին առաջնորդեցին:

«Հիւսիսափայլ»-ի առաքելութիւնը երեք նշանակէտերով առաջնորդուեցաւ:

Առաջի՛ն. ամէն կարգի իշխանութեան աղբիւր դարձնել նոյնինքն մեր ժողովուրդը` ժողովրդավարութեան ուղղութեամբ Արեւմուտքի եւ Հիւսիսի մէջ ծաւալած գաղափարական խմորումներուն եւ հասարակական զարգացումներուն հաղորդ պահելով հայ ժողովրդային բազմութիւնները, լուսաւորելով հայու միտքն ու հոգին եւ թափ տալով անոր ինքնահաստատման կռուաններուն ու ինքնազարգացման զէնքերուն:

Այդ առումով, արեւելահայ լեզուամտածողութեան մէջ շեշտուած յառաջդիմական ու ընկերային զգացողութիւնը ուղղակի ժառանգն է «Հիւսիսափայլ»-ին:

Երկրո՛րդ. պայքարիլ հայ հոգեւորականութեան տգէտ թեւին եւ անոր խաւարամիտ նախապաշարումներուն դէմ, ընդհանրապէս նաեւ պահպանողականութեան եւ ստրկամտութեան դէմ` առաջին հերթին աշխարհաբար լեզուն գրական եւ հրապարակախօսական մշակումի ու գործածական բարձր մակարդակի հասցնելով, ինչպէս նաեւ` հայ դպրոցը իրա՛ւ լուսաւորութեան դարբնոցի վերածելով:

Երրո՛րդ. հայ ժողովուրդի ազգային նկարագրին եւ աւանդոյթին հաւատարիմ` եւրոպական քաղաքակրթութեան վերածնունդի նուաճումներով պատուաստել հայկականութեան հաստաբուն կաղնին, իւրացնել եւ ազգայնացնել յառաջդիմական արժէքներ, որպէսզի նորահաս սերունդները հպարտութեամբ քալեն համաշխարհային քաղաքակրթութեան մեծ քառուղիներէն:

«Հայկական հանրագիտարան»-ի վկայութեամբ, «Իր շուրջ համախմբելով ժամանակի հայ առաջաւոր մտաւորականութիւնն ու Մոսկուայի աչքի ինկող ուսանողութիւնը` «Հիւսիսափայլ» հետեւողականօրէն լուսաբանած է ազգային կեանքի վերածնունդին խնդիրները` ժողովուրդի լուսաւորութիւնն ու դաստիարակութիւնը, քաղաքակրթութեան նուաճումներուն ընդօրինակումը, նպաստած է բնական գիտութիւններու տարածման: Հանդէսը կարեւորած է աշխարհաբար լեզուի արմատաւորումը հայ գրականութեան ու հրապարակախօսութեան մէջ` մամուլէն ու դպրոցէն ներս: Աշխարհաբարի զարգացման այս ենթաշրջանը ընդունուած է անուանել «հիւսիսափայլեան»:

«Հիւսիսափայլ»-ը գաղափարական սուր պայքար է մղած կղերաաւատատիրական հոսանքին, անոր պարբերականներուն («Մասեաց Աղաւնի», «Ճռաքաղ» եւ այլն) ու հոգեւոր դասուն դէմ եւ, որպէս ժողովուրդի ինքնագիտակցութեան բարձրացման ճանապարհ, նշած է դպրոցը եկեղեցիէն անջատելու անհրաժեշտութիւնը, լուսաւորութիւնն ու յառաջադիմութիւնը: Սակայն Ստեփանոս Նազարեանն ու Միքայէլ Նալբանդեանը այս խնդիրներուն մօտեցած են գաղափարական տարբեր դիրքերէ. առաջինը համոզուած էր, որ լուսաւորութեան միջոցով կարելի է բարձրացնել ժողովուրդին ոչ միայն մտաւոր, այլեւ նիւթական վիճակը, իսկ երկրորդն այդ ճանապարհով կը ձգտէր ժողովուրդին գիտակցութիւնը բարձրացնել այնպիսի մակարդակի, որ ան մղում ունենար մասնակցելու վերահաս յեղափոխական շարժումներուն: Այս տարակարծութեանց պատճառով 1859-ի աշնան Նալբանդեան հեռացած է «Հիւսիսափայլ»-էն…

«Այդուհանդերձ, «Հիւսիսափայլ»-ը մեծապէս աջակցած է յառաջդիմական եւ թարգմանական գրականութեան ստեղծման: Հոս են տպագրուած Միքայէլ Նալբանդեանի հրապարակախօսական, գրաքննադատական ու գիտական բազմաթիւ յօդուածները, գրական պատմական երկերը, հայ ժողովուրդի ազատագրութեան, քաղաքական, տնտեսական խնդիրներուն, գրական լեզուի, գրականութեան ու թատրոնի, լուսաւորութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնները, «Յիշատակարանը», «Մեռելահարցուկ» վէպը, գեղարուեստական այլ ստեղծագործութիւններ: Նոյնպէս` Ստեփանոս Նազարեանի դպրոցական գործի, դասագիրքերու, կրթական ծրագրերու, ընտանեկան եւ ֆիզիքական կրթութեան ու մանկավարժական կազմերու պատրաստման եւ նմանատիպ այլ հարցերու վերաբերող յօդուածները: Հանդէսին աշխատակցած են` Րաֆֆին, Ռափայէլ Պատկանեանը, Սմբատ Շահազիզը, Մուրացանը եւ ուրիշներ»:

Այս բոլոր առումներով, հայ ժողովուրդի երկնակամարին վրայ, իրաւա՛մբ, հիւսիսէն փայլող զարթօնքի լուսաւոր աստղը եղաւ 158 տարի առաջ, յունուար 13-ի այս օրը իր առաջին համարը լոյս ընծայած «Հիւսիսափայլ»-ը:

 

 

Նախորդը

«Թող Պետութիւնն Աշխարհով Մէկ Յայտարարի` Հա՛յ Ժողովուրդ, Դու Այստեղ Մի Մեծ Արժէք Ունես, Բուրգ Ունես, Եկէք` Բացենք»

Յաջորդը

Աշակերտական Նշմար. Ի՞նչ Խիղճով…

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.