ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Փոխանակ վիճելու` ձեւ մը գտէք հաշտարար մնալու: Անտեղի խօսքերէ եւ անօգուտ վէճերէ հեռու մնացէք, սիրալիր եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Սիրող սրտերու համար աղմկոտ մթնոլորտ մը պիտի ստեղծուի: Հեռու մնացէք վիճաբանելէ, որովհետեւ հաշտութիւնը դժուար կ՛ըլլայ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընտանեկան կեանքի մէջ խանգարուած տրամադրութիւն մը պիտի ստեղծուի: Որքան որ կրնաք, ձեր լեզուն կարճ պահեցէք, որպէսզի զիրար չվիրաւորէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Աշխատանքի թէ անձնական կեանքի վերաբերեալ պիտի ստիպուիք նոր որոշումներ տալու: Իմաստութեամբ գործեցէք, որպէսզի չզղջաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ աշխատող էք եւ կամ գործ կը փնտռէք, ձեր որոշումները պիտի կարենաք իրագործել: Պիտի ներկայանաք յարմար վայրեր, ուր ձեզ լսողներ պիտի ըլլան:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ինքնավստահ եղէք, լաւ որոշումներ պիտի կարենաք տալ` նիւթական թէ տնտեսական գետնի վրայ: Օրը պիտի ընթանայ յաջող:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր գործունէութիւնը բեղմնաւոր պիտի ըլլայ` շնորհիւ ձեր վրայ հսկող բախտաբեր աստղին: Տրտնջալու պատճառ մը չունիք, ընդհակառակը, յաջողութիւնը ձեզի հետ է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հանդիպումներ եւ յաջող գործունէութիւն օրակարգի վրայ են: Ամիսը պիտի անցնի շատ յաջող եւ ուրախ, առանց յոգնելու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ինչ ծրագիրներ որ մշակած էք, այսօր յաջողութեամբ պիտի աւարտին: Առանց ուրիշին օգնութեան` ձեզի վստահուած աշխատանքները պիտի կատարէք լաւ ձեւով:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Գործի թէ ընտանիքի մէջ համերաշխութիւնը պիտի տիրէ: Նոր որոշումներ պիտի տաք` առանց խանգարուելու աջէն ու ձախէն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Սէրը պիտի ընթանայ բարեկամական մթնոլորտի մէջ, որ պիտի օգնէ ձեր աշխատանքին իրագործման:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Աշխատանքի մէջ անհասկացողութիւններ պիտի ստեղծուին, զորս պէտք է յստակացնէք: Ինքնագլուխ որոշումներ մի՛ տաք:
