Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԻՒՖԹԻ ՔԱՊՊԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԸ ՈՒՂՂՈՒԵՑԱՒ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ

September 3, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հանրապետութեան միւֆթին կը դիմաւորուի հարաւի մէջ

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի` ընկերակցութեամբ Տար Ֆաթուայի մէկ պատուիրակութեան, ուղղաթիռով այցելեց հարաւային Լիբանան:

Միւֆթի Քապպանիի կատարած այս այցելութիւնը պատմական կը նկատուի այն իմաստով, որ ան 2000-ին հարաւային Լիբանանի ազատագրումէն ի վեր ոչ մէկ այցելութիւն կատարած է շրջան, ինչպէս նաեւ այն առումով, որ դէպի Արքուպ ուղղուող առաջին միւֆթին է ան:

Մերժահիունի զօրանոցին մէջ ան դիմաւորուեցաւ Մերժահիունի եւ Հասպայայի միւֆթի շէյխ Հասան Տալիի եւ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմի կողմէ: Մազարեհ Շեպաայի դարպասին առջեւ իր կատարած յայտարարութեամբ Քապպանի ողջունեց հարաւի ազատագրումը, ինչպէս նաեւ բռնագրաւուած Պաղեստինը` ընդգծելով, որ այդ հողերուն ազատագրումէն ետք կարելի պիտի ըլլայ նաեւ աղօթել Աքսայի մզկիթին մէջ:

Քապպանի շեշտեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ իսլամ – քրիստոնեայ համակեցութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ հողին կառչած մնալու եւ Թաէֆի համաձայնագիրի տառացի գործադրութեան կարեւորութիւնը:

Միւֆթի Քապպանի Շեպաայի մզկիթին մէջ իր արտասանած քարոզին մէջ հաստատեց, որ ոչ ոքի արտօնուած է սպառնական ոճով խօսիլ` համոզելու համար ուրիշը, միւս կողմէ, ան կարեւորութեամբ շեշտեց երկրին հարցերը ազգային երկխօսութեամբ լուծելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանրապետութեան միւֆթին դիտել տուաւ, որ իրենք կը փափաքին արդարութեան յանգիլ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ բոլոր նահատակներուն համար, որովհետեւ այդ արդարութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն եւ ամբողջ Լիբանանին համար է:

Հանրապետութեան միւֆթին ընդգծեց նաեւ, որ արդարութիւնը կ՛երաշխաւորէ նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Անդրադառնալով բանակին` միւֆթի Քապպանի շեշտեց, որ լիբանանցիները անպայման պէտք է համախմբուին բանակին շուրջ, որպէսզի կարելի ըլլայ բանակը ամուր պահել` երկրին սպառնացող վտանգներուն դէմ:

«Մենք պէտք է ամրապնդենք լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, որպէսզի կարենանք դիմագրաւել մեզի դէմ սպառնացող մարտահրաւէրները», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱՐԱՐ ՄԱՆՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻԻ

Յաջորդը

«ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻՆ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ԿԸ ԾԱՌԱՅԷ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇԱՀԵՐՈՒՆ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.