Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայըք Պոլսոյ Մէջ Կատարուած Անձնասպանական Գործողութիւնը Կը Նկատէ ՄԻԹ-ի Գործը

January 15, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճեմիլ Պայըք
Ճեմիլ Պայըք

Քիւրտիստանի համայնքներու միութիւն կազմակերպութեան գործադիր խորհուրդի համանախագահ Ճեմիլ Պայըք յայտարարեց, որ 12 յունուարին Պոլսոյ մէջ անձնասպանական գործողութիւնը կատարուած է ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ուղղորդումով:

«Ենի Էօզկիւր Փոլիթիքա» եւ «Ազատիա Վելաթ» օրաթերթերու երէկուան թիւին մէջ հրապարակուած «Նոր ցեղասպան գաղութատիրութիւն» վերնագիրով յօդուածին մէջ` մեկնաբանելով Պոլսոյ Սուլթան Ահմեթ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւնը` Պայըք ըսած է, որ յարձակումը «ՄԻԹ-ի գործն է»:

«Ինչպէս ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան կ՛ըսէր` «Թուրքիայէն հրթիռներ պիտի արձակենք Սուրիոյ դէմ», Սուլթան Ահմեթի կոտորածը ատոր պէս բան մըն է: Այն, որ պայթումէն անմիջապէս ետք պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ ատիկա ՏԱՀԵՇ-ը գործած է, եւ մամուլին արգիլուեցաւ լուսաբանել կացութիւնը, իրականութիւնը պահելու համար կատարուեցաւ», ըսաւ ան:

Պայըքի խօսքով` ՏԱՀԵՇ-ի մէջ ՄԻԹ-ը ազդեցիկ է, եւ ինքնին նախագահական պալատէն ցուցմունք ստացած է:

«Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Սուրիոյ եւ շրջանային քաղաքականութեան մէջ շատ քննադատուած էր, որովհետեւ կ՛երեւէր իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի  հետ համագործակցութեան մէջ գտնուող եւ ՏԱՀԵՇ-ի գոյութիւնը ապահովող երկիր: Ատիկա կատարուեցաւ, որպէսզի բարձրացնեն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հեղինակութիւնը եւ ապահովեն անոր հետ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու համագործակցութիւնը: Այդ կոտորածով աշխատեցան նաեւ կարգաւորել հեղինակութիւնը, եւ քիւրտերու ազատագրական շարժումը ճնշելու պատերազմին մէջ ստանալ այդ երկիրներուն աջակցութիւնը: Ակնյայտ է, որ կոտորածը ծրագրուած է նախագահական պալատին մէջ եւ գործադրուած ՏԱՀԵՇ-ի մէջ ներթափանցած ՄԻԹ-ին կողմէ», յայտարարեց ան:

 

Նախորդը

Փութին Եւ Օպամա Քննարկած Են Ուքրանիոյ Եւ Սուրիոյ Կացութիւնը

Յաջորդը

«Այսուհետեւ Թուրքիոյ Դէմ Ուղղուած Որեւէ Սպառնալիքի Պիտի Հակադարձենք Նոյնպիսի Հարուածով» Ըսաւ Տաւութօղլու

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.