Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Նիստը` Երկրին Գործադիր Իշխանութեան Շարժակները Աշխուժացնելու Իբրեւ Նախաքայլ

January 14, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

50162205426022408

Վարչապետ Թամմամ Սալամ այսօր պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որ պիտի ըլլայ երկրին գործադիր իշխանութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու նախաքայլը:

Մինչ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ նախարարաց խորհուրդի նիստը պիտի գումարուի դրական մթնոլորտի մէջ, վարչապետ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ ան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պահանջները չի մերժեր` զինուորական նշանակումները կատարելու իմաստով:

Դրական այս յայտարարութիւններէն անմասն չմնացին նաեւ Ազգային ազատ հոսանքի աղբիւրները: Այս առումով նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ կուսակցութեան հետ հաղորդակցութիւններ եւ խորհրդակցութիւններ կը կատարուին` այսօրուան նիստին անոր մասնակցութիւնը ապահովելու նպատակով:

Եւ ինչպէս միշտ, Լիբանանի առօրեան լեցուն է անակնկալներով: Մինչ քաղաքացիական ընկերութիւնը կը պատրաստուի այսօր առաւօտեան Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ բողոքի ցոյց մը կատարել` կառավարութեան նիստին զուգահեռ, երէկ երեկոյեան քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը բարձրացան Ռաուշէի ժայռին վրայ եւ նախարարաց խորհուրդէն պահանջեցին իրենց վերաբերող յատուկ օրէնքի վաւերացումը:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն անունով Եուսեֆ Մալլահ շեշտեց, որ իրենք պիտի սպասեն կառավարութեան նիստին, որուն լոյսին տակ պիտի առնեն իրենց քայլերը, որոնք բոլորը անակնկալի պիտի մատնեն:

Այս բոլորին առընթեր երէկ գիշեր բացայայտուեցաւ Լիպիոյ մէջ լիբանանցիներու առեւանգումի դէպք մը, որ «հաղորդուեցաւ» ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերուն ընդմէջէն:

«Դիմատետր»-ի կայքին վրայ երեւցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ ցուցադրուեցան լիբանանցի քաղաքացիներ Խալետ ու Մոհամետ Մուսթաֆա եւ Թուֆիք Նուզհա, որոնք բռնած էին գրութիւններ կրող պաստառներ: «Մենք ազատ պիտի չարձակուինք, մինչեւ որ Հանիպաալ Քազզաֆի ազատ արձակուի», նշուած էր պաստառներուն վրայ:

Հակազդելով շրջանառութեան մէջ դրուած այս լուրին` Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիպիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Մոհամետ Սաքինա յայտնած է, թէ Խալետ ու Մոհամետ Մուսթաֆա եւ Թուֆիք Նուզհա ամիս մը առաջ Պենկազիի մէջ առեւանգուած են դրամի ակնկալութեամբ` աւելցնելով, որ անոնք ոչ մէկ կապ ունին Հանիպաալ Քազզաֆիի հարցին հետ:

Նախորդը

Չորեքշաբթի Օրուան Հանդիպումին Ընթացքին . «Կառավարութեան Նիստը Գումարելու Իմաստով Մթնոլորտը Դրական Է» Շեշտեց Պըրրի

Յաջորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Լուծման 3 Պահանջ Կայ» Կ՛ըսէ Ռոյս

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.