Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 8, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ ցաւ յայտնեց Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ բռնկած սուր բանավէճին համար` ընդգծելով սակայն, որ Հըզպալլա-Մուսթաքպալ երկխօսութիւնը տակաւին առկայ է:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս շեշտեց, որ իրանեան-սէուտական տագնապը շրջանին մէջ պիտի հրահրէ յարանուանական սադրանքները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն երկիրը հեռացնելու տարբեր առանցքներու բախումներէն:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան նախագահական ընտրութիւն կատարելու իրենց իրաւունքին եւ պարտականութեան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ շեշտեց, որ տեղական եւ շրջանային պայմանները դրական չեն` նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ հանդիպումներ կ՛արձանագրուին` Սամիր Ժահժահի եւ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ հանդիպում մը կազմակերպելու համար:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Մուսաուի շեշտեց, որ Լիբանանի վրայ ճնշում բանեցնողները Միացեալ Նահանգներն են եւ անոնց դեսպանները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ անհրաժեշտ է համաձայնիլ զինուորական նշանակումներ կատարելու ուղղութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնել:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ լիբանանեան կառավարութիւնը այսօր Սէուտական Արաբիոյ հաշուետու է եւ սէուտական ուղեգիծին կը հետեւի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի միջեւ խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` կառավարութեան աշխատանքները բարելաւելու նպատակով:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը չէ ջնջուած, հակառակ երկու կողմերուն միջեւ արձանագրուած ցեխարձակումներուն:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը նախորդներուն նման պիտի չըլլայ, այլ` լուրջ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ընտրական օրէնքի մշակման յատուկ յանձնախումբը փետրուարի սկիզբը իր տեղեկագիրը պիտի ներկայացնէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն որոշումին լոյսին տակ այդ յանձնախումբը պիտի շարունակէ կամ կասեցնէ իր աշխատանքները:

 

 

Նախորդը

ՄԱԿ Սուրիոյ Մէջ Շրջափակուած Մատայա, Քաֆարիա Եւ Ֆուաա Քաղաքներուն Մարդասիրական Օժանդակութիւն Պիտի Մատակարարէ

Յաջորդը

Հըզպալլա Կը Շնորհաւորէ Իրաքցիները` Ռամատին ՏԱՀԵՇ-ի Տիրապետութենէն Ազատագրելու Առիթով

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.