Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞ՆՉ Է ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑ ՄԸ

September 3, 2011
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա՜հ, «Ժոքոնտը» եւ «Վան Կոկի սենեակը Արլի մէջ»: Ի՜նչ գլուխ գործոցներ: Ներկայիս Վան Կոկ աշխարհի ամէնէն սուղ գեղանկարիչն է. անոր գործերը միջազգայնօրէն ճանչցուած են իբրեւ գլուխ-գործոցներ: Սակայն 19-րդ դարու վերջաւորութեան ամէն մարդ կ՛արհամարհէր անոր գործերը, եւ ան միայն մէկ գեղանկար կը ծախէ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին:

* * *

Հետեւաբար, ո՞վ իրաւունք ունի: Վան Կոկի ժամանակակիցնե՞րը, որոնք անոր սենեակը ահռելի եւ ծռած կը համարէին, թէ՞ մենք, որ կը հաւատանք այսօր, թէ ան հանճարեղ է: Եւ ինչո՞ւ կ՛ըսենք նաեւ, թէ «Ժոքոնտ»ն ալ գլուխ-գործոց մըն է: Կրնայ ըլլալ, որ պատասխանը կու տան գեղանկարները:

* * *

Լէոնարտօ տա Վինչիի «Ժոքոնտը» գլուխ գործոց մըն է, որովհետեւ ան կը պարունակէ նորութիւններ, ինչպէս` թեթեւ անորոշ գիծերը, որոնք կը գտնուին անոր դէմքին շուրջ: Լէոնարտոյէն առաջ ոչ մէկը նման բան մը ըրած էր: Առաւել, ան գեղանկար մըն է, որ կարելի է մեկնաբանել հազար ու մէկ տարբեր ձեւերով:

* * *

«Վան Կոկի սենեակը` Արլի մէջ» ուրիշ գլուխ-գործոց մըն է, որովհետեւ Վան Կոկ եղած է առաջին անձը, որ կամաւոր կերպով վայրերը ծուռ գծած է: Կարգ մը մարդիկ այս ներկայացումին մէջ կը տեսնեն գեղանկարիչին հիւանդ կողմը, մինչ ուրիշներու կը գրաւեն անոր ուրախ գոյները, յոյսի նշաններ:

* * *

Հետեւաբար գլուխ-գործոց մը կատարելագործուած գործ մըն է, որուն մէջ իւրաքանչիւրը կը տեսնէ իր ուզածը: Չմոռնաք նաեւ, թէ ան ժամանակին դէմ դիմացկուն գործ մըն է. «Ժոքոնտը» գծուած է հինգ հարիւր տարիներ առաջ:

 

ԱՊԱԿԻԷ ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐ

Քարեն Լամոնթ հագուստներ կը շինէ շատ դիւրաբեկ նիւթէ մը` ապակիէ: Ասիկա մասնաւորաբար դժուար է, որովհետեւ այս հագուստները կը շինուին հագուստներու իսկական չափերով. հագուստներ, զորս կրնայինք հագնիլ, եթէ անոնք ապակիէ չըլլային…

Քարեն ծնած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, 1967 թուականին, եւ սկսած է ապակիով փորձեր կատարել 1990-ական թուականներուն սկիզբը: Իր հագուստները իրականացնելու համար Քարեն գացած է Չեխիա` աշխատելու. այս երկիրը շատ ծանօթ է իր ապակեգործներով: Նոր հագուստի մը պատրաստութիւնը կը կարօտի ինը ամսուան աշխատանքի եւ աւելի քան 100 քիլօ ապակիի:

Քարեն ապակին կաղապարի մը մէջ կը պարպէ, ինչպէս քանդակագործ մը պրոնզէ քանդակի մը համար պիտի ընէր: Ան իր կաղապարները կը շինէ իսկական օրինակներու եւ հնաոճ նորոյթի հագուստներու վրայ հիմնուելով: Ամէնէն զգայուն հանգրուանը` 80 օրուան այրուցքէ ետք հագուստին տարբեր բաժիններուն կաղապարներէն հանելն է: Հագուստներուն մեծ մասը շինուած է երեք բաժիններէ. սակայն Քարեն Լամոթ կը յուսայ օր մը կարենալ ամբողջական հագուստ մը մէկ կտորով իրագործել:

 

Ո՞ՒՐ ԿԱՐԵԼԻ Է ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ
ԳՈՅՆԵՐՈՒ ՏՕՆԻՆ

Հնդկաստանի մէջ. Հոլիի տօնը կը կոչուի նաեւ Գոյներու տօնը, որովհետեւ մարդիկ, ճերմակ հագած իրարու վրայ ամէն գոյնի բրնձափոշի կը թափեն:

Հաւատացեալներուն համար կանաչը կը խորհրդանշէ ներդաշնակութիւնը, նարնջագոյնը` լաւատեսութիւնը, կապոյտը` կենդանութիւնը, կարմիրը` ուրախութիւնը: Հոլիի տօնը տեղի կ՛ունենայ փետրուարին կամ մարտ ամսուն եւ կը տեւէ երկու օր: Անիկա կը նշէ գարնան գիշերահաւասարի օրը եւ բերրիութիւնը:

Երկրին հիւսիսը այս տօնը նուիրուած է Քրիշնային, որ Վիշնուի երեւոյթներէն մէկն է (Վիշնու հինտու կրօնին ամէնէն կարեւոր աստուածներէն մէկն է): Մինչ երկրին հարաւը Քաման է, սիրոյ եւ հաճոյքի աստուածն է, որ ի պատուի կ՛ըլլայ:

 

ԺԱՄԱՆՑ

 

Կէտերը իրարու միացուր 1 - 83` գտնելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել հեռաձայնին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

5. – Եթէ Մարալը Պետիկէն երկու տարի մեծ է եւ Պետիկը Լենայէն չորս տարի աւելի պզտիկ է, ո՞վ է անոնցմէ ամէնէն մեծը:

ա.- Մարալ, բ.- Պետիկ, գ.- Լենա (պատասխանը` վերջաւորութեան):

6. – Պտղավաճառ մը գնած է 125 տոլարի պտուղ: Իրիկունը ան իր քով ունի 200 տոլար: Իր քով տակաւին մնացած է 35 տոլար արժող չծախուած պտուղ: Ան քանի՞ տոլար շահած է:

ա.- 40 տոլար, բ.- 75 տոլար, գ.- 45 տոլար (պատասխանը` վերջաւորութեան):

 

Կրնա՞ս գտնել երկրագունդին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել առաջին վերի ձախ անկիւնի նկարին հետ իւրաքանչիւր նկարի ունեցած երկու տարբեր մանրամասնութիւնը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԺԱՄԱՆՑԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

5. –  Լենան ամէնէն մեծն է:

6. – Վաճառականը 200 տոլարի պտուղ ծախած է. այս թիւէն պէտք է հանել դրամագլուխը` 125 տոլար, եւ մենք կը ստանանք 75 տոլար: Առաւել, կը մնան տակաւին 35 տոլար արժող չծախուած պտուղները: Հետեւաբար վաճառականին ընդհանուր շահը հաւասար է 40 տոլարի:

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (3 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

Յաջորդը

ԵՐԳԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ…

RelatedPosts

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ
Մանկապատանեկան

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.