
Սպանական Sport.es կայքին համաձայն, Ռէալ Մատրիտ այս տարեշրջանին աւարտէն ետք կը մտադրէ ծախել փորթուգալցի իր յառաջապահը` Քրիսթիանօ Ռոնալտոն, փոխան 60 միլիոն եւրոյի:
Ըստ վերոնշեալ կայքին, արքայական ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես «Ոսկիէ գնդակ»-ի եռակի տիտղոսակիրը կ՛ուզէ ծախել, որովհետեւ յառաջիկայ տարեշրջանին մտադիր է իր կազմին մէջ շատ լուրջ փոփոխութիւններ կատարել:
Նշենք, որ 30 տարեկան ֆութպոլիստով ցարդ հետաքրքրուած են Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ:


