Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամականի – Յստակացման Կարգով. Նոյնքան Եւ Աւելի՛ Նախանձախնդիր

January 5, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ 

«Ազդակ»-ի երէկուան թիւով եւ «Անդրադարձ» գլխուն տակ լոյս տեսած գրութիւնը կ’անդրադառնար թերթին երեքշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2015-ի թիւին մէջ հրատարակուած մեր «Նամականի»-ին, որուն մէջ կը ներկայացնէինք հայ եկեղեցւոյ գլխաւոր տօներէն Սուրբ Ծնունդը «Քրիսմըս»-ով փոխարինելու մտահոգութիւնը` նշելով օտար բարքերու եւ սովորութիւններու անձնատուր ըլլալու երեւոյթը, իբրեւ ժողովուրդի մը զաւակներուն այլասերման ցուցանիշ:

Մեր «Նամականի»-ին մէջ ի միջի այլոց կը յիշէինք նաեւ, որ` «Հայկական վարժարանները քանի մը տարիէ ի վեր արդէն Նոր տարուան իրենց արձակուրդը սկսած են առնել 25 դեկտեմբերի նախօրեակին` փոխան անցեալի 26 կամ 27 դեկտեմբերին»: Այդքան պա՛րզ ու յստակ, որովհետեւ նախապէս հայկական վարժարաններ Ամանորի իրենց տօնախմբութիւնները կը կատարէին դեկտեմբեր 31-ի նախօրեակին: Տօնական արձակուրդները աւանդաբար կը սկսէին Նոր տարիին եւ կ’աւարտէին Մեռելոցին: «Քրիսմըս»-ը տեղ չունէր այս բոլորին մէջ: Ըսուածը այսքան էր, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս:

Մեր «Նամականի»-ին մէջ ոչ մէկ ակնարկութիւն կար Կաթողիկէ Սուրբ Ծնունդին հայկական վարժարանները չփակելու մասին: Նման բան չէ պատահած: Ընդունելի՛ չէ նաեւ որ պատահի: «Անդրադարձ»-ին հեղինակը չենք գիտեր սակայն ինչո՞ւ այն սխալ տպաւորութիւնը ունեցած է,  իբրեւ թէ մենք նման միտք յայտնած ենք: Մեր «Նամականի»-ն կը գտնուի «Ազդակ»-ի համացանցի կայքէջին մէջ, կարելի է այցելել եւ ստուգել, եթէ նման արտայայտութիւն կատարուած է մեր կողմէ:

Անոնք, որոնք հայկական վարժարան յաճախած են, շատ լաւ կը յիշեն, որ նախապէս, մեր վարժարաններէն շատերը, տասնամեակներ շարունակ, դեկտեմբեր 25-ին` Կաթողիկէ Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով իրենց դռները փակ պահելէ ետք, դասերը կը շարունակէին մէկ կամ երկու օր եւս եւ ապա կը տօնէին Ամանորը: Այդ օրերուն, կրթական պատասխանատուներ կը շեշտէին հայկական Ամանորի իւրայատկութեան պահպանման դաստիարակիչ դերն ու կարեւորութիւնը` սերունդներու հայեցի կրթութեան իրենց ջանքերուն մէջ եւ, առ այդ, անոնք Ամանորի տօնախմբութիւնները չէին միացներ «Քրիսմըս»-ին: Տօնախմբութիւնները կը կատարուէին 26 կամ 27 դեկտեմբերին (յաճախ նաեւ` աւելի ուշ), ինչպէս որ նշուած էր մեր «Նամականի»-ին մէջ: Հետեւաբար, այս մասին կատարուած անտեղի վերագրումները ճիշդ չեն, մանաւանդ որ անոնց կը յաջորդեն «մէկ ազգի զաւակը ըլլալու գիտակցութեան ամրագրման եւ վկայութեան» տեսակէտներ:

Այդ գիտակցութեան փաստը մեր ժողովուրդը շատո՜նց տուած է: Այսօր, աւելի քան երբեք, բոլորս նախանձախնդիր ենք մեր համայնքներէն իւրաքանչիւրին հոգեւոր եւ բարոյական դիմագիծին պահպանման, ծիսական եւ դաւանական իւրայատկութիւններու յարգումին: Տարբերութիւններու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ: Հասարակաց արժէքներու եւ նպատակներու կողքին` տարբերութիւնները կը հարստացնեն մէկ եւ ընդհանրական հայ եկեղեցին: Գիտենք նաեւ պետական տօները յարգելու ձեւն ու պատշաճութիւնը: Հետեւաբար, «Անդրադարձ»-ի հեղինակին մտահոգութիւնները ի սկզբանէ փարատած պէտք է նկատել:

Կը մնայ ակնկալել, որ «գլխաւորը»` մեր ժողովուրդի այլասերման խնդիրը մնայ մեր բոլորին ուշադրութեան առանցքը, որպէսզի երկրորդական եւ ժամանակավրէպ հարցերը անիմաստ ճիգ ու ժամանակ չխլեն մեզմէ:

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Նոր Տարուան Բացառիկ Թիւի Հրատարակութեան Նուիրուած Շնորհահանդէս-Հաւաք. «Ազդակ»-ը Կամուրջ Եղած Է Սփիւռքի Հայութեան Եւ Հայաստանի Հայութեան Միջեւ» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.