Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներ. «Արջուկ Կաղանդ Պապան» Մանկապատանեկան Թատերախաղի Ներկայացում

December 31, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Archoug1_123015

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն երեքշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 6:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արջուկ Կաղանդ պապան» մանկապատանեկան թատրոնի ներկայացումը` ղեկավարութեամբ եւ բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի:

Նախքան ներկայացումը «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ Ռոպերթ Առաքելեանի հետ, որ նկատել տուաւ, թէ «Արեգ» թատերախումբը ամէն տարի հետեւողականօրէն բեմ կը բարձրացնէ թատերախաղ մը, սակայն այս տարի բացառաբար ուզած են ներկայացման մէջ ներառել Համազգայինի գեղարուեստի բոլոր դպրոցները` «Գայեանէ» պարախումբը, պարուսոյցներ` Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեաններ, տհոլահարներու խումբը, ղեկավարութեամբ` Գէորգ Քէօշկերեանի, «Տաւիղ» խումբը, ղեկավարութեամբ` Մկրտիչ Միքայէլեանի, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի նուագախումբը, ղեկավարութեամբ` Կարօ Աւեսեանի, «Կարկաչ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` Զաքար Քէշիշեանի, նաեւ «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիան, որ սրահի մուտքէն մինչեւ վեր զարդարած էր Կաղանդի նիւթով մանուկներու գեղարուեստական աշխատանքներով:

Archoug2_123015

«Արջուկ Կաղանդ պապան» ներկայացման հեղինակն է Ռոպերթ Առաքելեան: Նիւթը կը խօսի Կաղանդ պապային մասին, որ հիւանդ է, ինչ որ կը փաստէ, թէ ան լեռներուն մէջ ապրող վերացական տիպար մը չէ, այլ մարդ, որ կրնայ հիւանդանալ: Ան պատրաստած է նուէրները, սակայն իր հիւանդութեան պատճառով չի կրնար զանոնք հասցնել փոքրիկներուն: Երբ ան այս մտահոգութեան մէջ է, իրեն կ՛այցելեն տարբեր կերպարներ, ինչպէս` նապաստակը, գայլը, մեղուն եւ այլն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իրեն նուէր մը կը բերէ, որպէսզի կազդուրուի: Սակայն Կաղանդ պապային ապաքինումը ժամանակ կ՛ենթադրէր, հետեւաբար անհրաժեշտ էր փոխարինել զինք: Կ՛որոշեն, որ արջուկը այդ պարտականութիւնը ստանձնէ: Կաղանդ պապան արջուկին կը պատուիրէ, որ առաջին անգամ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները այցելէ: Այդ այցելութեան ընդմէջէն մերթ ընդ մերթ ելոյթ ունեցան «Գայեանէ» պարախումբը, տհոլահարներու խումբը, «Տաւիղ» խումբը, «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի նուագախումբը եւ «Կարկաչ» երգչախումբը: Այս միջոցին արդէն Կաղանդ պապան, որ բաւական կազդուրուած էր, մուտք կը գործէ եւ ինք կը բաժնէ նուէրները, որոնք մաղթանքներ էին, ինչպէս` սէր, երջանկութիւն, առողջութիւն, դասերու մէջ յաջողութիւն, համայն աշխարհի հայութեան հզօր ու զարգացած հայրենիք, որոնցմէ իւրաքանչիւրին հետ տոպրակ մը պայթելով փայլուն աստղեր կը թափին վերէն վար բեմին վրայ, ուր համախմբուած էին «Արեգ» թատերախումբին կողքին բոլոր  գեղարուեստի դպրոցները:

Արդարեւ, մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ, «Արեգ» թատերախումբը եւ գեղարուեստի բոլոր դպրոցները խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին սրահին մէջ` ուրախացնելով բոլոր մանուկներն ու ներկաները:

 

 

Նախորդը

Վաստակաշատ Բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանի Մարմինը Հողին Յանձնուեցաւ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մասնակից Կը Դառնայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հովանիին Տակ Գործող Միութիւններու Նոր Տարուան Ուրախութեանց

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.