Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Տարբեր Ուժեր Կը Շարունակեն Ընդգծել Նախագահական Ընտրութեան Առաջնահերթութիւնը, Իսկ Հըզպալլա Կը Հաստատէ Զօր. Աունի Թեկնածութեան Իր Կառչածութիւնը

December 30, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

rayi_hizballa_122915

Նախագահական ընտրութեան առաջնահերթութիւնը կը շարունակուի անխտիր շեշտուիլ քաղաքական տարբեր ուժերուն կողմէ, սակայն այդ իմաստով գործնական ամէն ջանք եւ ճիգ սառեցուած է, ինչպէս որ սառած է քաղաքական այլ մարզերու գործունէութիւնը` նկատի ունենալով տօնական օրերն ու արձակուրդի մթնոլորտը:

Հաւանաբար նաեւ այսօր երեկոյեան Լիբանան հասնող «Վլատիմիր» ցուրտի ալիքը սառեցնէ նաեւ բնութիւնը` առատ ձիւն բերելով Լիբանանի բարձունքներուն, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաքին, ըստ օդերեւութաբանական տուեալներուն:

Սակայն նախագահական ընտրութեան շրջագիծին մէջ, երէկ արձանագրուեցաւ զարգացում մը, երբ Հըզպալլայի բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը Պքերքէէն հնչեցուց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան իր զօրակցութիւնը:

Այս առումով Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ` Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտի, երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումէն ետք Սէյիտ շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքը` իբրեւ հոգեւորական եւ ազգային հեղինակութիւն, պատասխանատու է եւ յանձնառու, որ առաջադրուած նախաձեռնութիւնը գործադրուի եւ ապահովէ Լիբանանի պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ըլլայ նախագահական ընտրութիւնը ապահովող մուտք մը:

Սէյիտ հաստատեց, որ իրենք սկզբունքային առումով համաձայն են եւ կ՛ընդգծեն նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը, «սակայն քաղաքական առումով մենք պարկեշտ ենք, ճշմարտախօս եւ խուսանաւումներ չհանդուրժող: Հետեւաբար մենք մեր զօրակցութիւնը յայտնած ենք զօր. Աունի թեկնածութեան եւ այդ կեցուածքին յանձնառու կը մնանք», շեշտեց ան:

Սէյիտ աւելցուց, որ այդ կեցուածքին նկատմամբ իրենց նախանձախնդրութիւնը պարկեշտութիւն է եւ բարոյական պատասխանատուութիւն, որ արդիւնք է ազատ կամքի եւ ոչ թէ ճնշումներու:

Սէյիտ ընդգծեց նաեւ, որ իրենց այս կեցուածքը պէտք չէ առաջադրուած նախաձեռնութիւնը արգելակող խոչընդոտ նկատուի` աւելցնելով նաեւ, որ իրենք կը մերժեն ստանձնել իր թեկնածութիւնը յետս կոչելու առումով զօր. Աունը համոզելու պարտականութիւնը:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆին, որ յոյս յայտնեց նախագահական թափուր աթոռի դրութեան վերջ տալու ամէնէն մօտիկ ապագային:

Պքերքէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ, որ շեշտեց, թէ հանրապետութեան նախագահութիւնը միայն քրիստոնէական հարց չէ, այլեւ` լիբանանեան ազգային թղթածրար մը, աւելցնելով, որ երկիրը չի կրնար այլեւս նախապայմաններ հանդուրժել:

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Կառչած Կը Մնայ Սուրիոյ Տագնապին Նկատմամբ Որդեգրուած Չէզոք Քաղաքականութեան

Յաջորդը

Սէյրան Օհանեան Մասնակցած Է Ռազմական Կառոյցներու Բացման

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.