
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելուներուն համաձայն, Պըրրի ընդգծած է, որ յառաջիկայ տարուան կարեւորագոյն առանցքը պիտի ըլլայ կառավարութեան աշխատանքին աշխուժացումը, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի նիստերուն կայացումը:
Պըրրի շեշտեց նաեւ, որ Լիբանանի համար առաջնահերթութիւնը նախագահական ընտրութիւն կատարելն է, որովհետեւ նախագահին ընտրութեամբ կարելի պիտի ըլլայ երկրին բոլոր հարցերը լուծել:
Նոյն աղբիւրները հաստատեցին նաեւ, որ Պըրրիի կարծիքով` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը տակաւին ի զօրու է, իսկ երկրին նախագահական ընտրութեան հարցը վերածուած է ներքին հարցի, որովհետեւ արտաքին ուժերը համաձայն են Հարիրիի նախաձեռնութեան: «Հետեւաբար մեր իւրաքանչիւրին պահանջն է լուծել այդ հարցը», ըսաւ Պըրրի:


