Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սելահաթթին Տեմիրթաշ Մոսկուա Կը Գտնուի

December 25, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

demir_122415

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահաթթին Տեմիրթաշ Մոսկուա կը գտնուի: Ան 23 դեկտեմբերին հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

«Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները կը մնան բարեկամական, հակառակ թրքական իշխանութիւններու ներկայիս գործելաոճին` ռուսական «ՍՈՒ-24» պատերազմական օդանաւի ջախջախումին առնչութեամբ», ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութեան փոխանցումով` ըսած է Լաւրով:

«Մենք կ՛ապրինք ժամանակաշրջան մը, որ լաւագոյնը չէ ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն համար: Սակայն այդ վերաբերմունքը, որ ունինք Թուրքիոյ կողմէ ռուսական պատերազմական օդանաւի ջախջախման նկատմամբ, չի տարածուիր ամբողջ թուրք ժողովուրդին վրայ: Այդ յարաբերութիւնները բարեկամական են` հիմնուած փոխադարձ վստահութեան վրայ եւ ուղղուած միացեալ մշակութային, մարդասիրական, տնտեսական ծրագիրներուն: Ես վստահ եմ, որ ատիկա  պիտի պահպանուի», յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Տաւութօղլու Կոչ Կ՛ուղղէ
Հաշուետուութեան Կանչելու Այն Երեսփոխանները,
Որոնք Իրենց Երկրին Կողքին Չեն Կանգնիր

Davutoglu_122415

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ «ռուսական պատերազմական օդանաւը, որ մեր օդային տարածքը խզեց, եւ զայն վար առինք, Սուրիոյ մէջ մեր անզէն քաղաքային եղբայրները կը ռմբակոծէր»` աւելցնելով. «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Սելահաթթին Տեմիրթաշի Ռուսիա այցելութեան ընթացքին ռուսական օդանաւի Թուրքիոյ կողմէ վար առնուիլը սխալ նկատելը գայթակղութիւն է եւ իսկական դաւաճանութիւն մը»:

«Պէտք է բոլորս դէմ կանգնինք Թուրքմէններու լերան մէջ մեր եղբայրներուն դէմ ռուսական վայրագ յարձակումին», ըսաւ ան:

Տաւութօղլու ըսաւ, որ իրենց դռները միշտ բաց են բոլոր ընդդիմադիրներուն առջեւ եւ իրենք պատրաստ են բոլորին հետ երկխօսութեան:

«Թուրք ընդդիմադիրի մը օտար երկրի մը զօրակցիլը ընդդէմ իր երկրին` Թուրքիոյ, գործակալութեան եւ դաւաճանութեան համազօր է», յայտնեց Թուրքիոյ վարչապետը:

Ան Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կոչ ուղղեց հաշուետուութեան ենթարկելու այն երեսփոխանները, որոնք Թուրքիոյ կողքին չկանգնելու կոչ ուղղող յայտարարութիւններ կը կատարեն:

«Թրքական խորհրդարանի անդամ ոեւէ երեսփոխանի հետ խնդիր չունինք», շեշտեց ան` աւելցնելով. «Մեր խնդիրը անոր հետ է, որ Թուրքիոյ, մեր ժողովուրդին ու անոր ապագային դէմ յայտարարութիւն կը կատարէ»:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Կիրակի Օր` Ումմալ Թրիփոլի – ՀՄԸՄ

Յաջորդը

«Թուրքիա Իր Ուժերը Իրաքէն Հեռացնելու Խոստումները Դրժեց» Ըսաւ Ժաաֆարի

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.