
Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին երկուշաբթի, 21 դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանին «Ծիծեռնակ» երգչախումբին համերգը` նուիրուած Ս. Ծնունդի տօնին:
Բացման խօսքը արտասանեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներէն Ճոնի Պէյլերեան: Ան ներկայացուց ելոյթին առիթը, ապա ըսաւ, թէ վարժարանի զանազան դասարաններու աշակերտները միասնաբար կազմած են ծիծեռնակներու երամ մը, որպէսզի գոյնզգոյն երգերով դիմաւորեն օծեալ Տէրը: Պէյլերեան ըսաւ, թէ «Ծնունդը լոկ հանդէս մը չէ՛, այլ` սիրոյ պատգամ է, խոնարհութեան մարմնացում եւ բացառիկ առիթ մը ներումի, նաեւ Տիրոջ երկրպագութեան»: Ան իր խօսքը փակեց Ս. Յակոբի պատգամով, որ կ՛ըսէ, թէ «երգելով պէտք է փառաբանենք Տէրը եւ տանք իմաստը Ս. Ծնունդին»:
«Ծիծեռնակ» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի, առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ իր փոքրիկ «ծիծեռնակ»-ներով, որոնք հայերէնով, արաբերէնով եւ ֆրանսերէնով երաժշտասէր հանրութեան ներկայացուցին զանազան խմբերգներ:
Իսկ յայտագիրին երկրորդ մասը ընդգրկեց Ս. Ծնունդին, Կաղանդին եւ խաղաղութեան նուիրուած խմբերգներ, զորս հրամցուցին մեծ «ծիծեռնակ»-ները, որոնց նաեւ ընկերակցեցան Արմէն Տօնէրեան` երգեհոնով, Ալեք Տօնէրեան եւ Մարինէ Հալլաճեան` ջութակով, ինչպէս նաեւ Առնօ Տօնէրեան` թաւջութակով:

Ձեռնարկին աւարտին բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ` փոխանցելու համար իր սիրտին խօսքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Ծիծեռնակ» երգչախումբին, որ այս գեղեցիկ կատարողութեամբ կրցաւ ներկաները հեռու փոխադրել պատերազմի եւ ատելութեան մթնոլորտէն` դէպի խաղաղ եւ սիրով լի միջավայր մը: Գալուստ սոյն առիթով նաեւ շնորհաւորեց Գէորգ եպս. Ասատուրեանը իր ձեռնադրութեան առիթով եւ անոր վստահեցուց, որ Մեսրոպեան վարժարանի մեծ ընտանիքը միշտ ալ պատրաստ է անոր պատուէրները գործադրելու:
Ան եզրափակեց իր խօսքը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով երգչախումբի ղեկավար Մանուէլ Քէշիշեանին, որ անձնուէր աշխատանքով եւ ապրումով կը ծաղկեցնէ սերունդներ:

Ապա Գէորգ եպս. Ասատուրեան փոխանցեց իր սրտին խօսքը: Ան անդրադառնալէ ետք բեմին վրայ զետեղուած պաստառի նախադասութեան, որ կը ներկայացնէր Փրկիչին գալուստը երգող հրեշտակներու անթիւ խումբին ցնծութիւնն ու աւետիսը, շեշտեց, որ այսօրուան Քրիստոսի գալուստը մատուցողները` «ծիծեռնակ»-ները, նոր հրեշտակներ են, որոնք իրենց խանդավառ կատարողութեամբ կրցան հանդիսատեսին ներկայացնել Ս. Ծննդեան խորհուրդը:
Ան կարեւոր նկատեց երաժշտութիւնը հայ ազգի կեանքին մէջ, ապա բարձր գնահատեց երգչախումբի ղեկավար Մանուէլ Քէշիշեանի նուիրումը, ինչպէս նաեւ վարժարանի տնօրէնին այս ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքը:
Համերգը փակուեցաւ երգչախումբին եւ ներկաներուն կողմէ «Խորհուրդ մեծ» շարականի միացեալ երգեցողութեամբ:


