
17-18 դեկտեմբերի լուսցող գիշերը Ղարաբաղ – Ազրպէյճան զօրքերու հանդիպման գիծի տարբեր հատուածներուն մէջ հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած են հետախուզական-ներթափանցման գործողութիւններ, որոնք` հանդիպելով հայկական կողմի կուռ պաշտպանութեան, ձախողած են, եւ նախայարձակ հակառակորդը կորուստներ կրելով նահանջած է:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ, ըստ բանակի համապատասխան ծառայութիւններուն կողմէ ձեռք բերուած հաւաստի տուեալներու, աւելի ուշ յայտնի դարձած է, որ միայն Թալիշի ուղղութեամբ ազրպէյճանական կողմը տուած է առնուազն 3 սպաննուած եւ վիրաւորներ, որոնցմէ մէկը` մահամերձ վիճակի մէջ: Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան նոյն աղբիւրներուն, ազրպէյճանական բանակը կորուստներ կրած է նաեւ հարաւային ուղղութեամբ` տալով 2 սպաննուած եւ վիրաւորներ:
«Պաշտպանութեան բանակի պատժիչ գործողութիւններէն սարսափած հակառակորդը հիւսիսարեւելեան (Թալիշ) ուղղութեամբ ժամը 15:40-ի սահմաններուն, հրետանի օգտագործած է: Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը վստահօրէն կ՛իրականացնեն զինուորական հերթապահութիւն եւ պատրաստ են ջախջախիչ հարուած հասցնել որեւէ սադրանքի», նշուած է պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Ցաւօք, տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին արիաբար նահատակուած են Աղասի Գրիգորեան (1996-ի ծնունդ) եւ Ռուբէն Ալեքսանեան (1996-ի ծնունդ): 17 դեկտեմբերին` ժամը շուրջ 21:30-ին, բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, տակաւին անյայտ հանգամանքներու մէջ մահացու աստիճանի վիրաւորուած է բանակի պայմանագրային զինուոր, 1992-ի ծնունդ Գոռ Օհանեան:
Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինուորներուն ընտանիքներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Հակառակորդին սադրիչ քայլերը անհետեւանք պիտի չմնան: Պատասխանը պիտի ըլլայ ցաւոտ եւ անդառնալի կորուստներով լի:


