Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առաջին Անգամ Ըլլալով. Լիպիական Իշխանութիւնը Կը Խոստանայ Նպաստել Իմամ Սատրի Հարցի Ծալքերու Բացայայտման

December 19, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Libya_121815

Լիպիոյ դատական իշխանութիւնը հաղորդակցութեամբ մը Լիբանանի առաջարկած է դատական պատուիրակութիւն մը առաքել Լիպիա` մօտէն տեղեկանալու համար Իմամ Մուսա Սատրի եւ անոր ընկերակիցներու առեւանգման թնճուկի տակաւին մութ ու խորհրդաւոր ծալքերուն, խոստանալով իր կարգին որոշ տեղեկութիւններ փոխանցել այս գծով: Նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպի պաշտպան փաստաբան Պուշրա Խալիլ, որ բացայայտեց այս տեղեկութիւնը, աւելցուց, որ նմանապէս եգիպտական դատական մարմին մը կապ պահած է Լիբանանի արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի հետ: Լիպիական իշխանութիւնը նաեւ յստակացուցած է, թէ Հանիպաալ Քազզաֆիի դէմ ձերբակալման հրամանագիր չկայ Լիպիոյ մէջ եւ պահանջած ազատ արձակել զայն:

Միւս կողմէ, առեւանգեալ Իմամ Մուսա Սատրի ընկերակիցներէն մէկուն զաւկին` նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպի արգելափակումէն ետք, տեղեկատուութեան բաժանմունքը ձերբակալած ու հարցաքննած է նաեւ վերջինիս չորս ընկերակիցները: Աւելի ուշ ազատ արձակուած են անոնցմէ երկուքը, մինչ Հասան Եաագուպի գծով ձերբակալման վճիռը երկարաձգուած է` «Հանիպաալ Քազզաֆիի առեւանգման մէջ իր մեղսակցութեան» յանցանքով: Ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ նաեւ այս գծով մեղսակից նկատած է Հասան Եաագուպի որդին` իբրեւ առեւանգողներէն մէկը: Մինչ այդ, Եաագուպի համակիրները Պաալպեքէն ետք երէկ երկու ժամով փակեցին նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան եւ ապա համախմբուած` Եաագուպի արգելափակուած դատարանի մուտքին, իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն:

 

Նախորդը

ՏԱՀԵՇ Զղարթայի Մէ՞ջ

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Միացած Չէ ՀԱՔ-ի Ստորագրահաւաքին

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.