Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն. Երկիրը Երկի՛ր Է

December 18, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

raffidoudaklian1Երբ Սուրիոյ մէջ ծագած կռիւները քանի մը տարի առաջ Հալէպ հասան, բազմահազար սուրիահայեր տուն, խանութ եւ գործարան իրենց ետին ձգելով` ապաստան գտան հայրենի խաղաղ երկնքին տակ: Անոնցմէ շատեր յոյս ունէին, որ պատերազմը շուտով վերջ պիտի գտնէ եւ բոլորն ալ պիտի վերադառնան իրենց քաղաքը: Օրեր, շաբաթներ, ամիսներ անցան եւ ոչինչ փոխուեցաւ Սուրիոյ ներքին ռազմաճակատներուն վրայ, ընդհակառա՛կը, կացութիւնը աւելի վատթարացաւ, եւ կենցաղային պայմանները անտանելիօրէն դժուարացան: Սուրիահայերուն դէպի Հայաստան հոսքը կը շարունակուի մինչեւ այսօր, թէպէտ` աւելի դանդաղ կշռոյթով: Հայաստան, պէտք է ըսել, գրկաբաց ընդունեց հայրենիք հասած բոլո՛ր հայերը եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ բազմաթիւ դիւրութիւններ ընծայեց գաղթականի հոգեբանութեամբ ապահով երդիք փնտռող մեր հայրենակիցներուն:

Մեծ է թիւը անոնց, որոնք Եւրոպա եւ Քանատա մեկնեցան (ու կ՛ուզեն մեկնիլ)` յուսալով, որ աւելի լաւ կեանք պիտի ունենան այդ ցամաքամասերուն վրայ: Անցեալ ամառ Ֆրանսայի Պորտօ քաղաքին մէջ ծանօթացայ հայ ընտանիքի մը, որ մօտ երկու տարի Երեւան մնալէ եւ ճաշարանի յաջող գործ սկսելէ ետք, ապօրինի ճանապարհներով շենկեն վիզա ստանալու համար 35 հազար եւրօ ծախսած էր, որպէսզի կարենար Ֆրանսա երթալ եւ գաղթականի կարգավիճակ ստանալ: Իսկ նոյն այս ընտանիքին գործընկերները, Երեւանի Սայաթ Նովա փողոցին վրայ, «Լեւոն Թրեւըլ» գրասենեակին մօտ բացած են փոքրիկ ճաշարան մը եւ արագ սնունդի անկիւն մը` «Հալէպի ճաշեր» անունով:

«Ի՞նչ պէտք ունինք Եւրոպա երթալու, հոս ալ կարելի է հանգիստ ապրիլ: Տեսէ՛ք, կ՛աշխատինք ու ընտանիք կը պահենք», ըսաւ ճաշարանատէրը, երբ հարց տուի, թէ չուզէ՞ր արդեօք իր գործընկերոջ նման Եւրոպա ապաստանիլ:

Այսօր բազմաթիւ սուրիահայեր գործարարութեամբ կը զբաղին Հայաստանի մէջ: Անոնք ներդրումներ կատարած են շինարարական ծրագրերու մէջ, բացած են օճառի, կօշկագործութեան, կարի, կահոյքի արտադրութեան փոքր գործարաններ: Ոմանք յաջողած են, ուրիշներ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, մանաւանդ` արտահանման եւ ներկրման հետ կապուած: Հայաստանի շուկան փոքր է եւ պէտք է արտասահմանեան նոր շուկաներ գտնել, իսկ սա շատ լուրջ մարտահրաւէր է նորաստեղծ պիզնեսներուն համար: Արհեստաւորները կը փորձեն իրենց հմտութիւններով մրցունակ ըլլալ, կան բժիշկներ որ հիւանդանոցներու մէջ գործ գտած են կամ բացած` իրենց սեփական դարմանատունը: Ուրիշներ դրամատուներու եւ այլ ընկերութիւններու մէջ պաշտօնեայ դարձած են, եւ այսպէս` կը փորձեն վերապրիլ, դիմանալ եւ յառաջդիմել, մինչեւ յստականայ Սուրիոյ իրենց բնակավայրերուն ճակատագիրը:

Սուրիահայերու ամէնէն ակնյայտ, աչքառու գործը, սակայն, արեւելեան ճաշարաններն են, որոնք երեւանեան ճաշարանային մշակոյթին մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւեն: «Տէրեան քեպապ»-ին մասին, օրինակ, գրած է նոյնիսկ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը: Անոնց տէրերը երկու խնամիներ են, որոնցմէ մէկը ունեցած է մեծ ձուլարան` 150 գործաւորով, իսկ միւսը եղած է առեւտրական: Հիմա ճաշարանատէր են եւ հպարտ են իրենց ստեղծած այս գողտրիկ անկիւնով:

«Վեց ամիս սպասեցինք: Համրուած դրամը շուտ կը վերջանայ: Կրնայինք երթալ Եւրոպա, բայց որոշեցինք ճաշարան մը բանալ եւ ապրուստ ապահովել: Սկիզբը փոքրիկ այդ սենեակն էր, յետոյ տանտէրէն ուզեցինք վարձել ետեւի սենեակը եւ գործը մեծցուցինք, հիմա այս դուրսի բակն ալ աւելցուցինք: Փա՛ռք Աստուծոյ, կ՛աշխատինք ու դժգոհութիւն չունինք», ըսաւ խնամիներէն մէկը, երբ հետաքրքրուեցայ իրենց գործին մասին:

Գրած էի արդէն «Լահմաճուն Կայծ» ճաշարանի պատին կպցուած` «Երկիրը երկի՛ր է» յայտնի գրութեան մասին: «Ո՞նց թէ էս անտէր երկիրը երկիր է, ախպէր ջան», օրին մէկը Կայծին հարց տուաւ ընկերներէս մէկը:

«Այո՛, երկիրը երկի՛ր է, իսկ ինչո՞ւ ոչ: Միւս տեղերը ասկէ լա՞ւ են, հոն պիտի չաշխատի՞ն, պիտի չյոգնի՞ն: Մենք մե՛ր միջոցներով, առանց մէկուն օգնութեան մեր գլխուն ճարին նայեցանք: Իսկ եթէ բոլորով քիչ մը օգնենք մեր տեղացի եւ նոր եկած հայերուն, որպէսզի ոտքի կանգնին, երկիր երկիր կ՛ըլլայ ո՛չ միայն մեզի, այլ աշխարհի բոլոր հայերուն համար», պատասխանեց Կայծ:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

 

 

 

Նախորդը

Բոլորին Գիտցած «Գաղտնիք»-ը` Իսլամացած Հայերը

Յաջորդը

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին. Կորսուած Բնաշխարհին Գրագէտը` Կարօ Սասունի («Որսորդը», Վերջաբան) Գ. Մաս

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.