Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիա Փոխհատուցում Կը Պահանջէ, Իսկ Թուրքիա Կը Մերժէ Փոխհատուցել

December 17, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ալեքսէյ Մեշքով
Ալեքսէյ Մեշքով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսէյ Մեշքով «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Մոսկուան այն կարծիքը ունի, որ Թուրքիոյ գործողութիւնները «իսկական սպառնալիք» կը ներկայացնեն Ռուսիոյ եւ անոր քաղաքացիներուն անվտանգութեան համար:

«Թուրքիոյ գործողութիւնները, իսկ կարգ մը պարագաներու անոր անգործութիւնը իսկական սպառնալիք են Ռուսիոյ եւ անոր քաղաքացիներուն անվտանգութեան համար», ըսաւ Մեշքով: Ան ընդգծեց, որ ատիկա Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ քաղաքացիներու փոխադարձ ուղեւորութիւններու պայմաններուն մասին երկկողմանի համաձայնագիրի կասեցման եւ ռուսերու այդ երկրի տոմսերու վաճառքէն ձեռնպահ մնալու զբօսաշրջական ընկերութիւններուն ու գործակալներուն տրուած յանձնարարականին հիմնական պատճառն է:

Մեշքով յայտարարեց, որ Թուրքիան պէտք է ռուսական ռմբաձիգին վար առնուիլը ճանչնայ իբրեւ յարձակում, երաշխիքներ տայ, որ այդպիսի բան այլեւս պիտի չկրկնուի ու վճարէ փոխհատուցում:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով եւս շեշտեց. «Թուրքիան պէտք է Ռուսիոյ փոխհատուցում կատարէ սուրիական հողերուն վերեւ թռիչք կատարող անոր պատերազմական օդանաւը վար առնելուն համար»:

Սակայն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ մեկնաբանելով այդ յայտարարութիւնները նշեց. «Թրքական իշխանութիւնները Ռուսիոյ «Սու-24» պատերազմական օդանաւը վար առնելուն համար փոխհատուցում վճարելու մտադրութիւն չունի»:

Ան ըսաւ, որ Թուրքիա փոխհատուցում պիտի չկատարէ եւ Ռուսիա պէտք է խոստանայ, որ իր պատերազմական օդանաւերը անգամ մը եւս պիտի չհատեն Թուրքիոյ օդային սահմանը: «Եթէ չըլլայ խախտում, այդպիսի ճգնաժամային իրավիճակներ եւս չեն կրկնուիր», ըսաւ Պիլկիչ:

Մինչ այդ, «Հապերթիւրք» հաղորդեց, որ թուրք-ռուսական լարուածութեան սկիզբէն ի վեր Ռուսիա թրքական դրօշ բարձրացուցած 8 առեւտրական նաւեր գրաւած է, իսկ Թուրքիա հակադարձած է գրաւելով ռուսական դրօշ բարձրացուցած 27 նաւեր:

Միւս կողմէ, ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ Ռուսիոյ Թմրեցուցիչներու շրջանառութեան վերահսկողութեան դաշնակցային ծառայութեան ղեկավար Վիքթոր Իվանով երէկ յայտարարած է. «ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները կը վերահսկեն որոշակի տարածքի, ուր ներկայիս կը գործէ ռուսական օդուժը, եւ անոնք մինչեւ գործողութեան սկսիլը իրենք զիրենք շատ ազատ կը զգային: Անոնց եկամուտներու աղբիւրներէն մէկը թմրեցուցիչներու փոխադրումն էր»: Ան նշած է, որ Թուրքիոյ տարածքով մեծ ծաւալի աֆղանական հերոյին կը փոխադրուէր Եւրոպական Միութեան երկիրներ:

Նախորդը

«Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Սուրիոյ Հարցով Տարակարծութիւնները Կը Յամենան» Ըսաւ Զախարովա

Յաջորդը

Թուրքիա Կ՛ուզէ Քաթարի Մէջ Ռազմակայան Հիմնել

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.