
Երկրի ընկերային տնտեսական տագնապները եւ այս գծով գործնական լուծումներու ձգձգումն ու առկախումը վերստին փողոց մղեցին լիբանանցիները, յատկապէս իրենց մորթին վրայ զգացող եւ իրենց օրապահիկէն տուժող լիբանանցիներն ու աշխատաւորները: Այս ծիրին մէջ «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը երէկ հաղորդագրութեամբ մը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` յառաջիկայ շաբաթ յետմիջօրէի ժամը երեքին համախմբուելու Պէյրութի Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ` իրենց բողոքն ու ընդվզումը արտայայտելու նախապէս արծարծուած երկրի ընկերային պահանջներուն եւ տիրող փտածութեան գծով գործնական լուծումներու ձգձգման գծով:
Արշաւին պատասխանատուներէն Ասաատ Զըպիան յայտնեց, որ շարժումը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ քաղաքացիներուն` խորհրդանշական կեցուածքով իրենց ընդվզումը արտայայտելու, համախմբուելով յաջորդաբար վաղը` չորեքշաբթի, դատարանին առջեւ, իսկ հինգշաբթի` ելեւմուտքի եւ հաղորդակցութեանց միջոցներու նախարարութիւններուն առջեւ: Ան ընդգծեց, որ այս առիթով ցուցարարներէն պիտի պահանջուի պարզել ու ծածանել միայն լիբանանեան դրօշակ:
Նաեւ` Քաղաքացիական Ծառայութեան
Կամաւորները
Նմանապէս, քաղաքացիական ծառայութեան կամաւորներ երէկ բաց նստացոյց կազմակերպեցին պահանջելով իրենց հաստատումը իրենց աշխատանքի մարզին մէջ: Անոնց անունով խօսք առնելով` Եուսուֆ Մալլահ շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն իրենց բողոքի ելոյթը` սպառնալով սաստկացնել ու անակնկալ քայլերու դիմել, եթէ վաղը` չորեքշաբթի օրուան նախարարաց խորհուրդի նիստին լուծում չտրուի իրենց պահանջներուն:


