
Երէկ կէսօրին Ժիպէյլի «Միշել Սլէյման»-ի անուան մարզական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նորագիրներուն երդման արարողութիւնը, որուն առիթով Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութեան իւրաքանչիւր թեկնածուի ներկայացնելու իր ծրագիրը` աւելցնելով, որ եթէ իրենց համար յստակ ըլլայ, որ այդ ծրագիրը կը համընկնի իրենց աշխատանքի ծրագիրին, ապա համաձայնութիւն պիտի յայտնեն, «այլապէս` ոչ ոք կրնայ մեզի ստիպել` մեր համոզումներուն դէմ գործելու», շեշտեց ան:
Իր խօսքը ուղղելով Փաղանգաւոր կուսակցութեան նորագիրներուն` Ժեմայէլ յայտնեց, որ անոնք դժուար ուղին ընտրած են, որովհետեւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը զոհողութեան կուսակցութիւնն է: «Մեր կուսակցութիւնը ծրագիր ունեցող կուսակցութիւն է եւ կը գործէ Լիբանանի շահերուն համար եւ ոչ թէ Լիբանանի հաշուոյն:
Սամի Ժեմայէլ ցաւ յայտնեց նախագահական թափուր աթոռի երեւոյթին համար` աւելցնելով, որ նոյնիսկ եթէ այսօր նախագահական ընտրութիւն կատարուի, ապա երկիրը մէկ տարի առանց կառավարութեան պիտի մնայ եւ յաւելեալ տարի մը` առանց ընտրական օրէնքի: «Իսկ աւելի ուշ պիտի սկսին քննարկել հանրապետութեան նախագահին նստաշրջանը երկարաձգելու կարելիութիւնը», շեշտեց ան:
Սամի Ժեմայէլ հաստատեց, որ ժամանակը հասած է խոստովանելու, թէ երկրին քաղաքական վարչակարգն է հիմնական հարցը:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենց նպատակներէն մէկն է նաեւ համոզել Հըզպալլան` վերադառնալու պետութեան հովանիին, որովհետեւ ապօրինի զէնքին գործածութեամբ կարելի չէ պետութիւն կերտել:
Ան խստիւ դատապարտեց նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն վարուելակերպը` լիբանանցիներուն հանդէպ, վարուելակերպ մը, որ հիմնուած է Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն հաշուոյն գործելու հիմքին վրայ, ինչպէս նաեւ օտար պետութիւններուն հրահանգներով գործելու հիման վրայ:


