Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Ոչ»-ը Դժգոհութիւն Էր Իշխանութեան Դէմ»

December 8, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

armen_120715

7 դեկտեմբերին լրագրողներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումի մը  ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանին հարցուցած են, թէ ի՛նչ է իր կարծիքը հանրաքուէին մասին, երբ որոշ ընդդիմադիր ուժեր կը յայտարարեն, որ ընտրակեղծիքներ արձանագրուած են:

Ան պատասխանած է, որ միւս հանրաքուէներուն հետ բաղդատելով, արձանագրուած է մասնակցութեան բարձր մակարդակ, եւ բոլորն ալ կարելիութիւն ունեցած են իրենց տեսակէտները յստակօրէն ներկայացնելու:

«Մենք կը համարենք, որ հանրաքուէն տեղի ունեցած է, եւ ունինք նոր սահմանադրութիւն: Վստահաբար հանրաքուէն տուած է նաեւ այնպիսի արդիւնքներ, որոնք շատ լուրջ ուսումնասիրութեան կարիք ունին. այն պատկառելի քանակը, որ «Ո՛չ» արձանագրած է, խորհելու, մտորելու տեղի կու տայ, եւ ատիկա համահունչ է այն մտահոգութեան, որ մենք ունեցած ենք քարոզարշաւի ընթացքին: Մեր խորին համոզումով` «Ո՛չ»-ը դժգոհութեան դրսեւորում է իշխանութիւններուն դէմ, «Ո՛չ»-ը իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան նկատմամբ «Ո՛չ» է: Իսկ «Այո՛»-ն սահմանադրական փոփոխութիւններուն ուղղուած «Այո՛» է», դիտել տուած է Արմէն Ռուստամեան:

Ան աւելցուցած է, որ իրենց ներկայացուցիչներուն միջոցով հետեւած են հանրաքուէին ընթացքին, իրենք ալ ստացած են ահազանգեր, եւ տարբեր տեղեր ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներուն միջոցով կանխարգիլուած են նման դէպքերը: Խախտումները, ըստ Ռուստամեանի, այնքան ատեն որ ստուգուած չեն, ուրեմն միակողմանի են: Ըստ անոր, ուժերը, որոնք կը խօսին համատարած խախտումներու մասին, մինչեւ հանրաքուէին օրն ալ կը յայտարարէին, թէ հանրաքուէն կեղծիքներով տեղի ունեցած է:

«Մենք ալ գիտենք, թէ ինչպիսի՛ ընտրական համակարգ ունինք: Այդ  հանրաքուէն, որ տեղի ունեցած է 6 դեկտեմբերին, տեղի ունեցած է հին ընտրական համակարգին մէջ` բոլոր այն թերութիւններով, որոնք կան այդ ընտրական համակարգին մէջ: Այդ ընտրական թերութիւնները  միշտ պիտի ըլլան, եթէ մենք չփոխենք հին համակարգը: Մեր համոզումով` այդ պատճառով լաւագոյն հիմքը կը ստեղծեն այս սահմանադրական փոփոխութիւնները, անոնք կարելիութիւն կու տան համապատասխանեցնելու ընտրական համակարգը այն չափանիշներուն, որոնցմով կրնանք վստահելի ընտրութիւններ ու հանրաքուէ ունենալ: Արդիւնքներուն նկատմամբ անվստահութիւնը կու գայ  ընտրական համակարգի նկատմամբ եղած անվստահութենէն, որ  տարիներու ընթացքին կուտակուած է, եւ որեւէ մէկը, որ ունի անվստահութիւն, պատրաստ չէ իր տեսակէտը փոխելու, մանաւանդ` այդ արդիւնքները իրեն ձեռնտու չեն», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:

 

 

Նախորդը

Սկսան Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Շրջանակային Համաձայնագիրին Վերաբերող Բանակցութիւնները

Յաջորդը

Հանրաքուէի Կեդրոնական Յանձնախումբը Պատրաստած Է Հանրաքուէին Արդիւնքները Եւ Քուէարկողներուն Պատկերը

RelatedPosts

Ակնարկ  Վենեզուելա – Իրան – Քուպա
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Վենեզուելա – Իրան – Քուպա

September 30, 2026
Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

Երեւանի Մէջ Հանդիպում Ունեցան Արցախի Ազգային Ժողովի Պատգամաւորներն Ու Հյդ Հայ Դատի Ներկայացուցիչները

September 30, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.